ԱՇԽԱՐՀԻՆ Ո՞Ր ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԿԸ ՆԱՅԻ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ

Ան­ցեալ 26 Փետ­րուա­րին Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհրդ­ա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը սպա­սե­լի էին ի­րենց ար­դիւնք­նե­րով: Սա­կայն ոչ ոք կը մտա­ծէր, թէ երկ­րի նա­խա­գա­հին շուրջ բո­լո­րուած ու­ժե­րը պի­տի յա­ջո­ղէին շռնդա­լից յաղ­թա­նակ մը գրան­ցել մայ­րա­քա­ղաք Թեհ­րա­նի մէջ գրա­ւե­լով բո­լոր ե­րե­սուն ա­թոռ­նե­րը: Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տաս­նե­րորդ էին Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­մէն ի վեր (1979), կ­­՚անց­նէին խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ ա­նոնց ար­դիւն­քով նա­խա­գա­հի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ընտ­րու­թեանց մաս­նակ­ցած «Չա­փա­ւո­րա­կա­նու­թիւն եւ բա­րե­կար­գու­մ» խմբա­կը կը գրա­ւէր խորհր­դա­րա­նի 290 ա­թոռ­նե­րէն 83-ը, պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րուն ձգե­լով 64 ա­թոռ: Նշենք, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու յա­ջորդ փու­լը պի­տի կա­յա­ցուի յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին այն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր թեկ­նա­ծու­նե­րը չեն յա­ջո­ղած ա­պա­հո­վել ընտ­րու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ քուէ­նե­րը: Ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք «Ալ Ճա­զի­րա» կա­յա­նի վեր­լու­ծա­բան՝ Մուհ­ա­մմէտ Ալ Պաք­քա­լի Twitter-ի վրայ գրա­ռում մը ը­նե­լով կը գրէր. «Գաղտ­նիք չէ, որ Ի­րա­նի մէջ Թեհ­րա­նի ա­թոռ­նե­րու տի­րա­պե­տող կող­մը կրնայ տի­րա­պե­տել երկ­րի խորհր­դա­րա­նի­ն»: Կա­րե­ւոր է նաեւ նկա­տել, որ Ի­րա­նի նա­խա­գա­հը հա­մո­զիչ յաղ­թա­նակ մը տա­նե­լով ան­դամ կը դառ­նար «մաս­նա­գէտ­նե­րու խոր­հուր­դ­»ին մէջ եւ 33 առ հա­րիւր քուէ­նե­րով հա­մո­զիչ յաղ­թա­նակ կը տա­նէր 22 առ հա­րիւր քուէ­ներ ստա­ցած Շէյխ Ժա­լի­լիին դէմ: Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւող դէ­տե­րուն հա­մար «Քո­մ­»ի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած Ռու­հա­նիի այս յաղ­թա­նա­կը կը հա­մա­րուի շրջա­դարձ, տրուած ըլ­լա­լով, որ իր կրօ­նա­կան կա­րե­ւոր դիր­քով այդ քա­ղա­քը կը հա­մա­րուի շիի­նե­րու հիմ­նա­կան քա­ղա­քը: Այս ա­ռի­թով նաեւ կը խօ­սուէր, թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ամ­բողջ շիի աշ­խար­հին հա­մար կրօ­նա­ւոր պատ­րաս­տող «Քո­մ» քա­ղա­քը նոյն­պէս բա­րե­փո­խում­նե­րու հանգ­րուան մը կ­­՚ապ­րի: Գաղտ­նիք չէ, որ Ի­րա­նի մէջ գրան­ցուած ար­դիւնք­նե­րը հե­տե­ւանք են երկ­րի ղե­կը ստան­ձած Ռու­հա­նիի վա­րած ձեռն­հաս եւ ճար­տար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ հիմ­նա­կան նե­րուժ ու­նե­ցող մէ­կէ ա­ւե­լի պե­տու­թիւն­ներ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով խօ­սած են Ի­րա­նի ժխտա­կան դե­րին մա­սին: Այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ յա­ռա­ջա­տար դիր­քը կը գրա­ւէ Իս­րա­յէ­լը, ո­րուն վար­չա­պե­տը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով նոյ­նիսկ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած էր հա­րուա­ծել Ի­րա­նի կո­րի­զա­յին հիմ­նա­կան կա­յան­նե­րը: Ան­շուշտ, որ այս խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին Սու­րիոյ տագ­նա­պէն ա­ռաջ: Ու իր ու­նե­ցած ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին Վար­չա­պետ Նե­թա­նի­յա­հու ձեռ­քե­րը օ­դին մէջ ճօ­ճե­լով կը փոր­ձէր Ա­րեւ­մուտ­քը հա­մո­զել, որ Ի­րան մե­ծա­գոյն չա­րիք էր ո՛չ միայն շրջա­նին, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար: Եւ­րո­պա­կան հա­մայն­քը վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, այ­սինքն Հա­թե­միի նստաշր­ջա­նին ա­ւար­տէն ու Ահ­մէ­տի­նե­ճա­տի նա­խա­գա­հա­կան նստաշր­ջա­նէն սկսեալ (3, Օ­գոս­տոս 2005) ծանր պատ­ժա­մի­ջոց­ներ դրաւ Ի­րա­նին վրայ: Իր կար­գին, ա­րեւմ­տեան մա­մու­լի իշ­խա­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռիթ չփախ­ցու­ցին «սա­տա­նա­յաց­նե­լու» Ի­րա­նը, Թեհ­րա­նը նկա­տե­լով ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու գլխա­ւոր պա­տուի­րա­տու եւ նե­ցուկ: Եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քի դի­տար­կու­մը բնա­կա­նա­բար կա­պուած էր Իս­րա­յէ­լի դժգո­հու­թիւն­նե­րուն հետ: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, որ Է­հուտ Օլ­մեր­թի (կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մե­ղադ­րան­քով բան­տար­կուած) ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Իս­րա­յէ­լը ծանր հա­րուած կը կրէր 2006-ին Լի­բա­նա­նի դէմ իր շղթա­յա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին: Ան­կէ ետք էր, որ Իս­րա­յէ­լի հա­մար թիւ մէկ թի­րա­խը կը դառ­նար ոչ միայն լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ը, այլ յատ­կա­պէս շիի այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­կան նե­ցուկ հան­դի­սա­ցող եւ այն օ­րե­րուն ծայ­րա­յե­ղա­կան դիր­քե­րով հան­դէս ե­կող Մահ­մուտ Ահ­մէ­տի­նե­ճա­տի Ի­րա­նը:

2013-ին էր, երբ նկա­տա­ռե­լի ու «անս­պա­սե­լի» քա­ղա­քա­կան պոռթ­կու­մով մը, իշ­խա­նու­թեան գլուխ կը հաս­նէր Ի­րա­նի գոր­ծող նա­խա­գա­հը Շէյխ Հա­սան Ռու­հա­նին, ո­րուն դրա­կան կեր­պա­րը կ­­՚օգ­նէր, որ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ ամ­պար­կո­յի եւ տնտե­սա­կան ծանր պա­տժա­մի­ջոց­նե­րու տակ ե­ղող ան­հան­գիստ Ի­րա­նը յոյ­սի շունչ մը քա­շէ: Այդ հանգ­րուա­նէն ետք է նաեւ, որ Ի­րան շատ խա­ղաղ ու հաս­տա­տա­կամ քայ­լե­րով յա­ջո­ղու­թեամբ կը պսա­կէր Ի­րան-5+1 կո­րի­զա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, եւ նոյն հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ, շիի աշ­խար­հին յա­ռա­ջա­տար եր­կի­րը կը մտնէր մաս­նա­ւո­րա­պէս տնտե­սա­կան, բայց նաեւ խոր­քին մէջ քա­ղա­քա­կան նոր փուլ մը:

Ռուհա­նիի մա­սին խօ­սե­լով պէտք է նշմա­րել, որ հան­դար­տա­բա­րոյ ու խա­ղաղ ժպի­տով այս ա­ռաջ­նոր­դը կը պատ­կա­նի մօ­տիկ ան­ցեա­լին երկ­րին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած Մու­համ­մէտ Հա­թե­միի քա­ղա­քա­կան դպրո­ցին: Ռու­հա­նի իր իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն մին­չեւ Ա­րեւ­մուտ­քին հետ կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան կնքու­մը լուռ եւ բա­ւա­կան ծանր ընդ­հան­րում­ներ ու­նե­ցաւ՝ երկ­րի գլխա­ւոր հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­լի Հա­մա­նէ­յին հետ: Ու հա­կա­ռակ վեր­ջի­նիս կող­մէ մերթ ընդ մերթ լսե­լի դար­ձած մար­տա­շունչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, շա­րու­նա­կեց անդր­դուե­լի խա­ղա­ղու­թեամբ ղե­կա­վա­րել երկ­րի մա­նա­ւանդ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Այս­տեղ պէտք է շեշ­տադ­րել, որ Ռու­հա­նիի կա­տա­րած բա­րե­կար­գում­նե­րը եւ վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ու­նե­ցած փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը ար­տա­քին ճա­կա­տին վրայ գրան­ցուած յա­ռա­ջըն­թա­ցին բնա­կան շա­րու­նա­կու­թիւնն են: Քիչ չէ թի­ւը այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն, ո­րոնց կար­ծի­քով Նա­խա­գահ Ռու­հա­նիի յա­ջորդ հիմ­նա­կան թի­րա­խը պի­տի ըլ­լայ երկ­րին մէջ մե­ծա­գոյն վարկ ու­նե­ցող «Մաս­նա­գէտ­նե­րու խոր­հուր­դ­»ին մէջ կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լը: Ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ա­նոր եր­կու հիմ­նա­կան դաշ­նա­կից­նե­րը՝ Հա­շի­մի Ռաֆ­սան­ճա­նին եւ Մու­համ­մէտ Հա­թե­մին փոր­ձեն ղե­կա­վա­րել այդ մար­մի­նը: Բա­ցի ան­կէ, որ Ա­լի Հա­մա­նէ­յ ա­ռող­ջա­կան լուրջ խնդիր­ներ ու­նի, ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Ի­րա­նի մէջ հրա­պա­րակ ե­լած «բա­րե­նո­րոգ­չա­կա­ն» շար­ժու­մը մտա­դիր է «ներ­քին ե­ղա­փո­խու­թիւ­ն» մը ը­նե­լով վե­րա­նո­րո­գել քա­ղա­քա­կան կեան­քը եւ ծանր հա­րուած տալ «Ի­րա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան պա­հակ­նե­ր­»ուն: Սա­կայն ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ այս ընդ­հա­նուր պա­րու­նա­կին մէջ առ­նուե­լիք բո­լոր քայ­լե­րը պէտք է ըլ­լան հան­դարտ ու անցն­ցում շար­ժում­նե­րով: Այ­սօր Ի­րա­նին հա­մար հիմ­նա­կան տնտե­սա­կան նոր շու­կա­նե­րու գրա­ւումն ու երկ­րի զար­գաց­ման հա­մար ըլ­լա­լիք կա­րե­ւոր բա­րե­նո­րո­գում­նե­րուն դի­մաց ճա­նա­պարհ բա­նա­լը: Ի­րան­ցիին հա­մար այ­սօր Իս­րա­յէ­լի դէմ պայ­քա­րը ա­ռա­ջուան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը չու­նի ու ա­սոր հա­մար է, որ Ռու­հա­նի, որ հան­դէս կու գայ չա­փա­ւո­րա­կան կե­ցուածք­նե­րով, ի­րան­ցի քա­ղա­քա­ցիին հետ կը խօ­սի ո՛չ թէ Թէլ Ա­ւի­ւը ա­ւե­րե­լու ընտ­րան­քով, այլ Թեհ­րա­նի մէջ կեան­քը ա­ւե­լի բար­ւոք դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րով:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին մէջ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար ա­մե­նէն կա­րե­ւոր օ­րա­կար­գը պի­տի ըլ­լայ սիւն­նի աշ­խար­հին հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման խնդի­րը: Ու բնա­կա­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին կա­յա­ցուե­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք է միայն, որ Ռու­հա­նի եւ իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րը սկսին մտա­ծել այդ ուղ­ղու­թեամբ:

Շիի-սիւն­նի լա­րուա­ծու­թիւ­նը այ­սօր հա­սած է իր գա­գաթ­նա­կէ­տին ու տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ այդ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ար­դէն իսկ վե­րա­ծուած է ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րու: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Եէ­մէ­նի մէջ կա­տա­րուող գոր­ծըն­թաց­նե­րը լա­ւա­գոյն ա­պա­ցոյցն են այս մօ­տե­ցու­մին: Ու ե­թէ այ­սօր սիւն­նի-շիի ընդ­հա­նուր լա­րուա­ծու­թիւ­նը այս հու­նով շա­րու­նա­կուի, գաղտ­նիք չէ, որ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին զի­նուո­րա­կան բա­խում­նե­րու նոր դաշ­տեր ե­րե­ւե­լի պի­տի դառ­նան: Եէ­մէ­նի պա­տե­րազ­մը ցոյց տուաւ, որ Ի­րան ան­պար­տե­լի է այդ շրջա­նին մէջ: Ու նաեւ փաս­տեց, որ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րը ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան շիի ռազ­միկ­նե­րուն դէմ կռուե­լու բա­ւա­րար նե­րուժ չու­նին: Նման նե­րուժ չու­նե­նա­լու ա­ռըն­թեր, սէուտ­ցիք ան­պայ­ման պէտք է խոր­հին քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու մա­սին: Սա­կայն ա­նոնք ցարդ չեն հասկ­ցած, որ շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հիմ­նա­կան գրա­ւա­կա­նը Ռու­հա­նիի Ի­րանն է: Դէ­պի Մոս­կուա վա­զե­լու եւ թե­լադ­րանք­նե­րը «վե­րէ­ն» ստա­նա­լու Ապ­տըլ Ա­զիզ իշ­խող ըն­տա­նի­քի փութ­կո­տու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կրնայ սեւ­ց­­նել, ա­ռանց ա­տոր ալ ա­րեան կիր­ճե­րու վե­րա­ծուած Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը: Այս ա­ռու­մով սիւն­նի­նե­րուն հա­մար եւս ցան­կա­լի է, որ Ռու­հա­նի ըլ­լայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ստանձ­նող ու­ժը: Սա­կայն այս խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րա­կան հուն կրնան մտնել միայն յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին կա­յա­ցուե­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րու փու­լէն ետք, երբ 290 ան­դամ հա­շուող խորհր­դա­րա­նը, ո­րուն 147 ան­դամ­նե­րը ար­դէն իսկ ընտ­րուած են, պի­տի հա­մալ­րուի նոր 143 ան­դամ­նե­րով: Ատ­կէ ետք է միայն, որ Մա­յիս 2016-էն մին­չեւ 2020 թուա­կա­նի Մա­յի­սը պաշ­տօ­նա­վա­րող խորհր­դա­րա­նին մէջ Ռու­հա­նի պի­տի փոր­ձէ ստեղ­ծել այն­պի­սի հա­մա­կարգ մը, ուր իր քա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րը եւ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը սա­հուն կեր­պով պի­տի վա­ւե­րա­ցուին: Ու յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րը կա­րե­ւոր են այս ա­ռու­մով: Ար­դեօք Ի­րա­նի նա­խա­գա­հը պի­տի կա­րո­ղա­նա՞յ վերջ մը տալ շրջա­նին մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր լա­րուա­ծու­թեան եւ ոչ-խոր­քա­յին զի­ջում­ներ ը­նե­լով յա­ջո­ղի դառ­նալ ոչ միայն տա­րած­քաշր­ջա­նի, այլ ամ­բողջ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի ի­րա­կան ա­ռաջ­նորդ:

Հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան կրո­ղը ե­ղող պար­սիկ գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար ճատ­րա­կի մտա­ծուած քայ­լեր ը­նե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը ոչ միայն շնորհ է, այլ կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն:

Ռու­հա­նի այդ պա­տու­հա­նէն կը նա­յի աշ­խար­հին եւ ա­պա­հո­վա­բար ա­նոր յա­ռա­ջի­կայ քայ­լե­րը պի­տի յե­նուն պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեան մը վրայ, Ի­րա­նը վե­րա­ծե­լով շրջա­նին մէջ ոչ միայն կա­րե­ւո­րա­գոյն խա­ղա­ցո­ղի մը, այլ յա­ռա­ջի­կայ ա­մեակ­նե­րուն տա­րա­ծքաշր­ջա­նին ա­պա­հո­վու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում բե­րող հզօր տէ­րու­թեան մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

 

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016