ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ…

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թը ներ­կա­յիս մեծ ծրագ­րի մը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է մեր ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քին տե­սա­կէ­տէ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, յա­ռա­ջի­կայ ա­միս «Մա­րալ»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ քա­ղաքս պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը։ Այս ծրագ­րին սկզբնա­կան ար­ձա­գանգն իսկ խան­դա­վա­ռած է մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնք այժ­մէն ան­համ­բեր սպա­սու­մի մը մէջ են։ Մինչ այդ, ար­դէն աս­տի­ճա­նա­բար կը յստա­կա­նան բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ պաշ­տօ­նա­պէս տրուած է գործ­նա­կան հանգ­րուա­նին մեկ­նար­կը։

«Մա­րալ»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր ու­նե­ցած շփում­նե­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն գործ­նա­կան հար­թու­թեան վրայ դրին՝ Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը Իս­թան­պուլ հրա­ւի­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Պա­րի պե­տա­կա­նի եւ «Մա­րալ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցաւ յու­շա­գիր մը, ո­րու հի­ման վրայ պի­տի շա­րու­նա­կուի գոր­ծըն­թա­ցը։ Ե­րե­ւա­նէ վե­րա­դար­ձին Կար­պիս Չափ­քան ե­րէկ այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս, ուր մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի սկիզ­բին ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ այս վիթ­խա­րի ծրագ­րին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ստանձ­նած է հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րար Ա­րէտ եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լը, որ պատ­րաս­տա­կամ գտնուած է ստանձ­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ բո­լոր ծախ­սե­րը։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ մե­ծա­ծախս ծրա­գիր մըն է այս մէ­կը, իսկ Եր­կա­նեան ա­մո­լը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն նման աշ­խա­տանք­ներ կը խրա­խու­սէ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Կար­պիս Չափ­քան մե­զի յայտ­նեց, որ ի­րենք խո­րա­պէս շնոր­հա­պարտ կը զգան հո­վա­նա­ւոր Եր­կա­նեան ա­մո­լին։

Ե­րե­ւան վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ Կար­պիս Չափ­քան Պա­րի պե­տա­կա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ ծա­ւա­լած է ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք։ Թէ՛ վար­չա­կան եւ թէ գե­ղա­րուես­տա­կան ա­ռու­մով յստա­կե­ցուած են բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Չափ­քան մաս­նակ­ցած է նաեւ Պա­րի պե­տա­կա­նի վեր­ջին փոր­ձե­րուն։ Ե­րէ­կուան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Չափ­քան տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ապ­րի­լի 25-ին Պա­րի պե­տա­կա­նը պի­տի ժա­մա­նէ Իս­թան­պուլ։ 28 Ապ­րի­լին նա­խա­տե­սուած է ե­լոյ­թը՝ Հար­պի­յէի մէջ, Իս­թան­պու­լի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։ Ճամ­բոր­դու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ ի­ջե­ւա­նու­մը՝ անհ­րա­ժեշտ բո­լոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը ար­դէն կա­տա­րուած են այս մեծ նա­խագ­ծին հա­մար։ Դահ­լի­ճի ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը եւ այս շրջագ­ծով Վազ­գէն Պա­րընն ալ ու­նե­ցած է իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Հիւր ան­սամպ­լը 55 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ կազ­մով մը պի­տի գայ քա­ղաքս։ 36 պա­րող­ներ, 14 հո­գի նուա­գա­խումբ, օգ­նա­կան­ներ եւ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը։

Կար­պիս Չափ­քան մե­զի յայտ­նեց, թէ «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քին մօտ ստեղ­ծուած է մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն, զու­գա­հե­ռա­բար նաեւ՝ զօ­րա­շարժ մը։ Հա­մոյ­թը կը գի­տակ­ցի Պա­րի պե­տա­կա­նին հետ նոյն բե­մը բաժ­նե­լու ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ ըստ այդմ յա­ռաջ կը տա­նի նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ Խտա­ցեալ աշ­խա­տան­քի շրջան մըն է ի­րենց հա­մար։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խումն ալ, իր հեր­թին, կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը թա­փով յա­ռաջ կը տա­նի՝ Սել­մա Իս­քեն­տե­րէօ­զի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Չափ­քան շնոր­հա­կա­լու­թեան ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով ընդգ­ծեց նաեւ այս կազ­մի ստանձ­նած դե­րա­կա­տա­րու­թեան նա­խախ­նա­մա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Պա­րի պե­տա­կա­նը վեր­ջին ան­գամ Իս­թան­պուլ այ­ցե­լած էր 2006 թուա­կա­նին դար­ձեալ «Մա­րալ»ի հրա­ւէ­րով։ Տա­սը տա­րի անձ հա­մոյ­թը վերս­տին նոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ըն­ձե­ռէ մեր հա­մայն­քին հա­մար։ Չափ­քան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս ան­գամ եւս ա­մէն ինչ կ՚ըն­թա­նայ լաւ ու ծրա­գի­րը կը պսա­կուի փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ՝ հեր­թա­կան ան­մո­ռա­նա­լի յու­շը դառ­նա­լով գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։ Ան այդ յա­ջո­ղու­թեան հիմ­նա­կան գրա­ւա­կա­նը կը հա­մա­րէ այժ­մէն ստեղ­ծուած ան­նա­խըն­թաց հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տը։

Ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Կար­պիս Չափ­քա­նին ըն­կե­րա­ցան՝ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ «Մա­րալ»ի պա­րու­սոյց Ի­րիս Չափ­քան։

«Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը ա­մառ­նա­մու­տի նուէր մը նա­խա­տե­սած է մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք այդ ա­ռի­թը պի­տի վա­յե­լեն լիու­լի։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016