ՄԱՆԹԱՇԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս ո­գե­կու­չուե­ցաւ հայ մե­ծա­նուն բա­րե­րար, մե­կե­նաս ու ճար­տա­րա­րուես­տա­գէտ Ա­լեք­սանտր Ման­թա­շեանց (1842-1911)։­

Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զե­տե­ղուած է Ա­լեք­սանտր Ման­թա­շեան­ցի ար­ձա­նը։ Այդ ար­ձա­նը տե­ղադ­րուած է եւ կը գտնուի մայ­րա­քա­ղա­քի Ս. Ան­նա ե­կե­ղեց­ւոյ ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Ուս­տի, այդ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով մը ո­գե­կո­չուե­ցաւ Ա­լեք­սանտր Ման­թա­շեանց։

Նոյն առ­թիւ, մե­ծա­նուն բա­րե­րա­րի ար­ձա­նին մօտ թո­ղուե­ցան ծա­ղիկ­ներ։ Յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու հա­մար այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած­նե­րու շար­քին էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­դիւ­նա­բե­րող­նե­րու եւ գոր­ծա­րար­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ար­սէն Ղա­զա­րեան։

 

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016