ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով՝ Ռո­պէրթ Յա­րու­թիւ­նեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան վեր­ջերս հրա­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րե­լով սահ­մա­նած էր նոր կարգ մը՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ա­նոր են­թա­կայ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման այլ մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան կազ­մա­կերպ­ման կար­գին շուրջ։ Ուս­տի, նո­րան­շա­նակ փոխ-նա­խա­րա­րը պա­տաս­խա­նա­տու պի­տի ըլ­լայ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Նոր սահ­մա­նուած կար­գով կ՚են­թադ­րուի թափ տալ մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ 

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016