ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ ըն­դու­նուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը այս առ­թիւ քննար­կե­ցին ի­րենց հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գի հար­ցե­րու լայն շրջա­նա­կը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն շօ­շա­փուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Քրեմ­լի­նի պա­լա­տին մէջ կա­յա­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Վլա­տի­միր Փու­թին գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յա­ջող զար­գաց­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։ Իր խօս­քով, ան­կաս­կած պէտք է զար­գա­նայ կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տնտե­սա­կան ե­րե­սա­կը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հա­յաս­տան ներ­կա­յիս Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է՝ Փու­թին այդ ո­լոր­տի քննար­կում­նե­րը կա­րե­ւո­րեց նաեւ այդ հան­գա­ման­քին տե­սան­կիւ­նէն։

Իր կար­գին, Սերժ Սարգ­սեանն ալ դրա­կան գնա­հա­տա­կան մը տուաւ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան ը­սաւ, թէ Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ Հա­յաս­տան կ՚ա­ջակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի դիր­քո­րոշ­ման։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ող­ջու­նեց նոյն հար­ցով Ռու­սաս­տա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Նա­խա­գահ­նե­րը ծան­րա­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին, առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այս հար­ցին շուրջ ռու­սա­կան կող­մին եւ ան­ձամբ Փու­թի­նին կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն հա­մար։ Ան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։

Բաց աս­տի, ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով, ո­րոնք կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան՝ մի­ջազ­գա­յին կամ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք ստո­րագ­րե­ցին նաեւ եր­կու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ 2016-2017 թուա­կան­նե­րու խորհր­դա­տուու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րը։

Դէ­պի Մոս­կուա աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, Սերժ Սարգ­սեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ ճատ­րա­կի կա­րե­ւոր մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քի մը բաց­ման։ Հարկ է նշել, որ այդ մրցա­շար­քին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Լե­ւոն Ա­րո­նեան։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ բա­ցուե­ցաւ «Հա­յաս­տան. գո­յա­տեւ­ման ա­ռաս­պե­լը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Ռու­սաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու մշա­կոյ­թի նա­խա­րար­նե­րը՝ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ Վլա­տի­միր Մե­տինս­քի։ Նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րուած էր, որ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի բա­ցուէր նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, սա­կայն ե­րէկ ար­դէն այդ ծրա­գի­րը են­թար­կուե­ցաւ փո­փո­խու­թեա­ն։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016