ՎԱՂՈՒՑ ՅԱՅՏՆԻ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կար­գա­ւո­րուիր Հա­յաս­տա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։

Պա­քուի 4-րդ Կ­լո­պալ ֆո­րու­մի բաց­ման ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Իլ­համ Ա­լիեւ անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Ըստ ի­րեն, հար­ցը տա­կա­ւին չէ լու­ծուած Հա­յաս­տա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րոշ­ման պատ­ճա­ռով, իսկ երբ որ լու­ծուի՝ մէկ մի­լիոն փախս­տա­կան տուն պի­տի վե­րա­դառ­նայ, խա­ղա­ղու­թիւն պի­տի հաս­տա­տուի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Ա­լիե­ւի խօս­քե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ պատ­մա­կան մասն է Ատր­պէյ­ճա­նի, իսկ Հա­յաս­տան շա­րու­նա­կե­լով ա­նոր բռնագ­րա­ւու­մը՝ ինք­զինք կը դնէ ա­ռա­ւել մե­կու­սա­ցած վի­ճա­կի մէջ։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը հեր­թա­կան ան­գամ պնդեց նաեւ, որ Հա­յաս­տան այս հար­ցի պա­րա­գա­յին չի գոր­ծադ­րեր ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ո­րո­շում­նե­րը։ Ա­լիե­ւի բա­նա­ձե­ւու­մով, հար­ցի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թա­ցի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, որ Հա­յաս­տան չ՚ու­զեր խա­ղա­ղու­թիւն։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Իլ­համ Ա­լիեւ կանգ ա­ռաւ նաեւ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին վրայ, որ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Ան յայտ­նեց, որ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Եւ­րո­պա­յի հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը այդ­քան ալ մեծ չէ ե­ղեր։ Այ­լա­պէս, ե­թէ նոյ­նիսկ ըլ­լայ, ա­պա ան­կա­րե­լի է ար­գի­լել այն մար­դիկ, ո­րոնք կը գաղ­թեն ի­րենց երկ­րի բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ ի­րենց ըն­տա­նի­քը պա­հե­լու հա­մար։

Ա­լիեւ մատ­նան­շեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խար­հի վրայ ա­ւել­ցած են հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը։ Ուս­տի, կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րը պէտք է ը­նեն հնա­րա­ւո­րը՝ լա­րուա­ծու­թեան նուա­զեց­ման հա­մար։

4-րդ Կ­լո­պալ ֆո­րու­մի բաց­ման ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Իլ­համ Ա­լիեւ խօ­սե­ցաւ նաեւ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան մա­սին։ Սա պի­տի ըլ­լայ Ա­սիա­յէն դէ­պի Եւ­րո­պա ա­մե­նա­կարճ ու ա­մե­նա­հան­գիստ եր­կա­թու­ղին։ «Այս եր­կա­թու­ղին պի­տի բարձ­րաց­նէ մեր երկ­րին ու տա­րած­քաշր­ջա­նին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը», ը­սաւ Ա­լիեւ՝ յի­շեց­նե­լով, որ այս ծրագ­րի պա­րա­գա­յին հա­մա­տեղ կ՚աշ­խա­տին Թուր­քիոյ եւ Վրաս­տա­նի հետ։

Միւս կող­մէ, Պա­քուի ֆո­րու­մի բաց­ման ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016