ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԵՐԷԿ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԹԱՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յետմիջօրէին ցաւակցական այցելութեան մը փութաց Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մուտքին ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Յունաց պատրիարքը եղբայրաբար ողջագուրուեցան սուգի ծանր մթնոլորտին մէջ։ Ներկայ էր նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Զրոյցի տեւողութեան Յունաց պատրիարքը պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման բերումով։ Ան բաժնեկից եղաւ տիրամայր Մարի Մութաֆեանի եւ մեր ամբողջ համայնքի խոր սուգին։

Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Մինչ այդ, այս հանդիպումէն վերջ յայտնի դարձաւ, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութեան՝ իր նախապէս ճշդուած ծրագրին պատճառով։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019