ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ՔԱՅԼ ՅԱՐՄԱՐՑՆԵԼ ԶԻՆՄԱՆ ՄՐՑԱՎԱԶՔԻՆ

Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը (SIPRI) նախընթաց օր հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը՝ զէնքի համաշխարհային առեւտուրի վերաբերեալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ վերջին հինգ տարիներուն (2015-2019) Հայաստան 415 տոկոսով աւելցուցած է զէնքերու եւ զինամթերքի ներածումները՝ նախորդ հնգամեակին (2010-2014) բաղդատմամբ։ Տեղեկագրին մէջ շեշտուած է, որ Հայաստան ռազմական ներածումներու առիւծի բաժինը՝ 94 տոկոսը կատարած է Ռուսաստանէն։

Ըստ նոյն ուսումնասիրութեան, նախորդ հինգ տարիներուն, Ատրպէյճան շուրջ 40 տոկոսով նուազեցուցած է իր ռազմական ներածումները՝ նախորդ հնգամեակին հետ համեմատած: Սակայն, այդ կրճատումով իսկ, 2015-2019-ին Ատրպէյճան զէնքեր գնելու ծաւալներով գերազանցած է Հայաստանը, առաւել քան երեք անգամով։ Ատրպէյճան իր զինատեսակներուն 60 տոկոսը ներածած է Իսրայէլէն, իսկ 31 տոկոսը՝ Ռուսաստանէն:

Յիշեցնելով 2016-ի Քառօրեայ պատերազմը՝ զեկոյցը կը նշէ, որ հիմա երկու երկիրներն ալ կ՚ընդարձակեն իրենց ռազմական կարողութիւնները՝ ձեռք բերելով նաեւ հրթիռներ, որոնք կրնան հարուածել շատ աւելի մեծ հեռաւորութեամբ թիրախներ հակառակորդին տարածքէն ներս:

Թուրքիա, որ 90-ականներուն զէնքի ներածման ծաւալով երրորդն էր աշխարհի տարածքին, վերջին հնգամեակին մօտաւորապէս երկու անգամով կրճատած է գնումները եւ այժմ կը գրաւէ 15-րդ դիրքը: Ըստ փորձագէտներուն՝ ներածումներուն նուազումը կապ ունի յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն վատթարացումն է, նկատի ունենալով, որ այդ երկիրները Թուրքիոյ զէնքերու գլխաւոր մատակարարներն են:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մնալ աշխարհի յառաջատար զէնք վաճառողը։

Ռուսական զէնքերու վաճառքը միջազգային շուկային մէջ 2014-2019-ին կրճատուած է մօտաւորապէս 20 տոկոսով, որովհետեւ Հնդկաստան, որ ժամանակին ռուսական զէնքի մեծագոյն ներածողներէն էր, վերջին տարիներուն կրճատած է իր գնումները:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020