ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դէպքը պատահած է երէկ ժամը 15.30-ի շուրջ։ Սահմանի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին վրայ կրակ բացուած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ։ Դէպքին զոհ գացած է պայմանագրային զինուոր Զօհրապ Գրիգորի Սիանոսեան (1984)։ Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար ձեռնարկուած է քննութեան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է Զօհրապ Սիանոսեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Երեւանի ղեկավարութիւնը բուռն ձեւով արձագանգեց այս դէպքին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճանի քայլերը կը կրեն միտումնաւոր բնոյթ։ «Հայաստանի հետ պետական սահմանին վրայ իրավիճակը սրելու, լարուածութեան աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու եւ առկայ լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ դրոյթները չկիրառելու Ատրպէյճանի պարբերական փորձերը կը վկայեն, թէ տարածքաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վտանգելու ուղղեալ իր քայլերը կը կրեն միտումնաւոր բնոյթ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ յիշեցուած է, որ վերջին օրերուն սա Ատրպէյճանի հերթական փորձը եղած է միտումնաւոր կերպով սրելու համար իրավիճակը Հայաստանի հետ պետական սահմանին վրայ։ Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը մարտի 6-ին ալ փորձած էին իրականացնել ներթափանցման փորձ մը Տաւուշի մէջ։

«Ատրպէյճանի նման գործողութիւնները կը փաստեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացէն ներս ռիսքերու նուազեցման միջազգային դրութիւններու հաստատումը կարեւոր գերակայութիւն մըն է եւ այս ուղղութեամբ ներկայ պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչումը անհրաժեշտ է հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու համար», յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020