ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԷՊՔԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Համայն աշխարհ սարսափի մատնուած է քորոնաժահրի հետեւանքով։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ալ հիւանդ մը վարակուած է քորոնաժահրով։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն մամլոյ ասուլիս մը սարքելով մանրամասնութիւններ տեղեկացուց հարցին շուրջ։ Այսպէս, քորոնաժահրով վարակուած ըլլալու կասկածով քննութեան տակ առնուած հայրենակիցներու պարագային յայտնի դարձաւ, որ ան վարակուած է այս հիւանդութիւնով։ Արական սեռէ այդ հիւանդը վարակուած է Եւրոպա կատարած ճամբորդութեան մը ընթացքին։ Ան ներկայիս մեկուսացուած է արտաքին աշխարհէն եւ իր ընդհանուր կացութիւնը լաւ է։ Նախարարը շեշտեց, որ հիւանդի անմիջական շրջապատի անձերն ալ հսկողութեան տակ են։

«Մէկ հիւանդի գոյութիւնը չի նշանակեր համընդհանուր ռիսք մը։ Նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առնուած են», յայտարարեց Ֆահրետտին Քոճա։

Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքն ալ երէկ տեղեկացուց, որ դպրոցներու երաշխաւորման համար անմիջական շփման մէջ կը գտնուին Առողջապահութեան նախարարութեան հետ։

Քորոնաժահրով պայմանաւորուած խուճապին հետեւանքով աշխարհի բազմաթիւ քաղաքները ներկայիս կը գտնուին մեկուսացուած վիճակի մէջ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, զոհերու թիւը հասած է 4262-ի։

ՀԱՅ ԶՈՀ ՄԸ

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Թեհրանի մէջ քորոնայի հետեւանքով մահացած է Իրանի քաղաքացի հայ կին մը՝ 85-ամեայ Էլսիկ Մասիհ։

Հարկ է նշել, որ Իրան կը գտնուի այն երկիրներու շարքին, որոնք առաւելագոյնս կ՚ազդուին քորոնաժահրէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020