ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՅՑԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման Թա­գա­ւո­րը այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թուր­քիա։ Ան Ե­գիպ­տո­սի վրա­յով կը ժա­մա­նէ Ան­գա­րա, ուր իր շփում­նե­րը պի­տի եզ­րա­փա­կուին Ապ­րի­լի 13-ին։ Ապ­րի­լի 14-15-ին ալ Սել­ման Թա­գա­ւո­րը պի­տի գտնուի Իս­թան­պու­լի մէջ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

Ըստ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն, թա­գա­ւո­րի այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կը շօ­շա­փուին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով նիւ­թեր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016