ԱՄԵՆԱՅԱՅՏՆԻՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի ամենայայտնի 500 ֆութպոլէօրներու ցանկին վրայ։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան այդ ցուցակին վրայ ընդգրկուեցաւ՝ World Soccer պարբերականի վարկածով։ Ամենայայտնի ֆութպոլէօրներու այդ շարքին մէջ Հենրիխ Մխիթարեան կը հանդիսանայ միակ հայը։ Բացի իրմէ, «Արսենալ»ի կազմէն երկու խաղացող եւս տեղ գտած է ցուցակին մէջ։

Հենրիխ Մխիթարեան վերջին շաբաթներուն «Արսենալ»ի մարզաշապիկով արձանագրեց կարեւոր յաջողութիւններ։ Բառին բուն իմաստով կը փայլէր իր աստղը, սակայն «Արսենալ»ի վերջին խաղին ան դժբախտաբար վնասուածք ստացաւ։ Կը հաղորդուի, որ իրեն համար նախատեսուած դարմանումը պիտի առնէ որոշ ժամանակ եւ ան հարկադրաբար փակած է ներկայ մրցաշրջանը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018