ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԽՍՏԱՆԱՅ

Սուրիոյ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Մէկ կողմէ մարդասիրական առումով ծանր իրավիճակ մը ստեղծուած է՝ ի շարունակութիւն երկարատեւ ներքին պատերազմի ողբերգութեան, իսկ միւս կողմէ Սուրիա կը շարունակէ մնալ միջազգային յառաջատար դերակատարներու ազդեցութեան պայքարի դաշտը։ Արեւելեան Կութայի եւ Տումայի իրադարձութիւնները ներկայ պահուն լուրջ հետեւանքներու յղի ըլլալ կը թուին։ Միջազգային գետնի վրայ հետզհետէ կ՚ամրապնդուի այն համոզումը, թէ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի բանակը քիմիական զէնք օգտագործած է խաղաղ բնակչութեան դէմ։ Այս հանգամանքը տարակարծութիւնները խորացուցած է Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջեց դէպի Լատինական Ամերիկա նախատեսուած իր ուղեւորութիւնը եւ վերջին օրերուն ամբողջութեամբ կը կեդրոնանայ այս հարցին վրայ։ Ամերիկեան կողմը կը հաշուարկէ Էսատի դէմ բազմազգ ձեւաչափով պատասխան մը ապահովել։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն երէկ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ հետ պիտի հրապարակեն Սուրիոյ վերաբերեալ որոշում մը։ ԱՄՆ-ի Միջերկրականի եօթ ռազմանաւերը ճանապարհ դուրս եկած են դէպի Սուրիա եւ Գերմանիան ալ ռազմանաւով մը միացած է այդ խումբին։

Երէկ երեկոյեան, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս ԱՄՆ առաջարկեց քիմիական զէնքերու վերաբերեալ հարցաքննութիւն մը իրականացնել, սակայն Ռուսաստանի կողմէ վեթոյի ենթարկուեցաւ այդ նախաձեռնութիւնը։ Իրադարձութիւններու շարունակութեան միջազգային հանրութիւնը կը հետեւի լարուած ուշադրութեամբ։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջականօրէն հետաքրքրութեան առարկայ կը պահէ տարածքաշրջանի կացութիւնը։ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը արեւելեան Միջերկրականի մէջ ձեռք կ՚առնէ նախազգուշական միջոցներ, իսկ Թուրքիա վերջին իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ արեւելեան Կութայի սպանդներու կտրուածքով յարաբերաբար աւելի մօտ դիրքորոշում մը որդեգրած է Արեւմուտքին։ Թէեւ Ռուսաստան երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիոյ հիմնական գործընկերը կը հանդիսանայ Սուրիոյ ճգնաժամի պարագային, սակայն նոր իրավիճակին մէջ յառաջացած են խնդիրներ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ արձագանգեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որու Անգարա Աֆրինը պէտք է յանձնէ Դամասկոսին։ Ի պատասխան՝ Էրտողան երէկ ըսաւ. «Մենք կը ճշդենք, թէ Աֆրինը որու պիտի յանձնենք։ Երբ որ տեղը գայ, մենք իսկ Աֆրինը պիտի յանձնենք աֆրինցիներուն։ Այս բանին ժամկէտն ալ մենք կը ճշդենք, ոչ թէ Պարոն Լաւրովը։ Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ որու պիտի վերադարձնենք Աֆրինը։ Նախ եւ առաջ պէտք է խօսուի Սուրիայէ ներս ներկայիս այլ երկիրներու հակակշռին տակ պահուած վայրերու Սուրիոյ յանձնուելուն մասին»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018