ԳՈՀԱՐ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ «ԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ» ՀԱՏՈՐԸ

Հեռուստալրագրող, հրապարակախօս Գոհար Մարտիկեանի «Ապրելու բանաձեւ» պատմավաւերագրական մատենաշարի 11-րդ հատորը նուիրուած է Արցախեան ազատամարտի կապանցի հերոսներուն եւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից արցախցի հերոսներուն։ Ընդգրկուած է մի քանի պատմութիւն նաեւ Գաւառէ եւ այլ վայրերէ մասնակից հերոսներու մասին։

Մատենաշարի 10 եւ 11-րդ հատորները ընթերցասէրներուն ներկայացուեցան Երեւանի «Նոյեան տապան» գրախանութին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Գոհար Մարտիկեան ըսաւ. «Այդ հատորները շա՜տ նուիրական դուրս եկան»։

Ան խոստովանեցաւ, որ միայն այն ժամանակ, երբ իրեն կը հարցնեն կատարած աշխատանքի բարդութիւններու մասին, ինք կը գիտակցի, որ իսկապէս տաժանակիր գործ կ՚իրականացնէ։ «Հասկնալով իմ ըրածի կարեւորութիւնը, եւ այն, որ անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ է, ես սիրով կը չարչարուիմ։ Իսկ երբ կը սիրես աշխատանքը, ան յառաջ կ՚ընթանայ։ Ըստ իս՝ այս մէկը կ՚ընեմ պատմութեան, սերունդներու համար», շեշտեց հեղինակը։

Մարտիկեանի համոզմամբ՝ եթէ չըլլային Արցախեան ազատամարտի հերոսները եւ եթէ չըլլար անոնց սխրանքի օրինակը, հաւանաբար չէր ըլլար նաեւ Ապրիլեան պատերազմի հերոսներու յանուն հայրենիքի կեանքը զոհելու պատրաստակամութիւնը։

Գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի կողմէ յատկացուող դրամաշնորհի եւ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի շրջանակներէն ներս։

Նախագահի աշխատակազմի կողմէ հասարակական կազմակերպութիւններուն տրամադրուող դրամաշնորհի համակարգող Գայիանէ Մանուկեանի խօսքով՝ այս տարի կը պատրաստուին լոյս ընծայել նաեւ մատենաշարի 12-րդ հատորը։ «Ամէն անգամ կը նշենք, որ Գոհար Մարտիկեանի աշխատանքը խոնարհման արժանի է, քանի որ ան տուն առ տուն կը մտնէ, կը զրուցէ զոհուած ազատամարտիկներու ծնողներու հետ՝ յաւերժացնելով հերոսներու սխրանքները։ Ան միայն կենսագրութիւն չի կերտեր։ Ծանօթանալով մատենաշարի իւրաքանչիւր էջին՝ կը տեսնենք, որ Մարտիկեան հրաշալի կը նկարագրէ նաեւ մեր հայրենի բնութիւնը, մարտի տեսարանները», ընդգծեց Մանուկեան։

Անոր խօսքով՝ գիրքը միտուած է կրթել, դաստիարակել սերունդները։

Գոհար Մարտիկեան տարիներ շարունակ կեանքի կոչած է հայրենանուէր ու շնորհակալ գործ մը. մէկ առ մէկ կը հաւաքէ ու կը ներկայացնէ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին անմահացած քաջորդիներու կեանքն ու անոնց սխրանքի պատմութիւնները՝ իւրաքանչիւրի հետ վերապրելով սեփական վիշտը։ Անոր որդին՝ Աշոտ Չախոյեան, Արցախեան պատերազմի ընթացքին յատուկ նշանակութեան գունդի առաջին զոհն էր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018