ԿԱՐՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆՆԵՐ

«Նոթրը տամ տը Սիոն» (NDS) ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ այս շրջանին բացուած է հետաքրքրական ու շահեկան ցուցահանդէս մը։ «Կարպետի խորհրդանշաններ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ NDS-ի գեղարուեստասրահէն ներս եւ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Արդէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը շարունակուի ցուցահանդէսը, որ պիտի եզրափակուի 19 Մայիսին։ Բացի Կիրակիէ, ամէն օր կարելի է այցելել գեղարուեստասրահը։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման մասնակցեցան Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր, նախաձեռնարկ վարժարանի տնօրէն՝ Եանն տը Լանսալիւ եւ բնագաւառի մասնագէտներէն Ահմէտ Տիլէր։ Այս վերջինը եւ ֆրանսացի մասնագէտ Մարք-Անթուան Կալիս հեղինակած են «Կարպետի խորհրդանշաններ» անուն գիրք մը։ Ուստի, Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած այդ ցուցահանդէսն ալ կոչուած է նոյն անունով։ Ֆրանսայէն «Պլէօ Օթուր» եւ Թուրքիայէն «Ալֆա» հրատարակչութիւնները համագործակցութիւն ցուցաբերած են՝ որպէսզի կեանքի կոչուի այս ծրագիրը։

Ցուցահանդէսի բացումին ելոյթ մը ունեցաւ Եանն տը Լանսալիւ, որ մէջբերումներ ըրաւ «Կարպետի խորհրդանշաններ» գիրքի յառաջաբանի հոգելոյս հեղինակ Ժաք Լաքարիէրի խօսքերէն։ Ան մատնանշեց, որ կարպետներու ցուցահանդէսը առիթ կ՚ընձեռէ հէքեաթային ճանապարհորդութիւն մը իրականացնելու դէպի զանազան ազգերու երեւակայական աշխարհը։ Ֆրանսական լիսէի տնօրէնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ այս ցուցահանդէսի կոմիսարներուն՝ Այլին Գօչունեանի եւ Էճէ Սութրայի կողմէ տարուած աշխատանքին մասին։ Իրմէ վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Ահմէտ Տիլէր։ Այս ելոյթներէն վերջ Եանն տը Լանսալիւ եւ Ահմէտ Տիլէր շրջայցի համար ուղեկցեցան Պերթրան Պիւշվալթէրին։

Այլին Գօչունեանի եւ Էճէ Սութրայի կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ կարպետի նմոյշներ՝ բաւական լայն աշխարհագրական տարածութենէ մը. ինչպէս՝ Պալքաններ, Մերձաւոր Արեւելք, Կովկաս եւ Միջին Ասիա։ Ցուցահանդէսի հիմնական նպատակն է ներթափանցել կարպետներու զարդերու խորհրդանշական լեզուին։ Այդ զարդերուն մէջ եւ հին քաղաքակրթութիւններու կողմէ օգտագործուած իրերուն մէջ խորհրդանշաններու շարունակականութիւն մը աչքի կը զարնէ։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ խորհրդանշանները կը ցոլացնեն մշակութային տարրեր, հաւաքականութիւններու առօրեայի վերաբերեալ մտահոգութիւնները, կարպետներ հիւսելու թեքնիկները եւ աշխարհագրական շրջաններու միջեւ կապակցութիւնները։ Այս տեսակաւոր յարաբերութիւններուն վրայ կեդրոնացած է ցուցահանդէսի աշխատանքը։

Ցուցահանդէսի ամբողջին մէջ առանձին բաժինով մը ներկայացուած են նոյնպէս ֆրանսացի մասնագէտի մը՝ Փիէռ տը Ժիկորի հաւաքածոյի տեսողական առարկաները։ Այս բաժինն ալ կ՚ապահովէ պատկերացում մը կազմել՝ կարպետներու ժամանակի ընթացքին օգտագործման եղանակներու կրած փոփոխութիւններուն շուրջ։ Նոյն ցուցահանդէսին մէջ տեղ տրուած են Գեղանկարչութեան թանգարանի հաւաքածոյէն՝ Օսման Համտի Պէյի եւ ֆրանսացի նկարիչ Վիքթոր Փիէռ Իւկէի իւղանկարներու կրկնօրինակներուն։ Այս երկու պաստառներուն վրայ ալ աչքի կը զարնեն կարպետներ, ինչ որ լոյս կը սփռէ այդ առարկայի առօրեայ օգտագործման վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, այստեղ ազդանշաններ կան՝ Վերածնունդի շրջանէն ի վեր Արեւելքի կարպետներու նիւթ դարձած ըլլալը՝ Արեւմուտքի նկարչութեան։

ԱՐՑԱԽԷՆ ՕՐԻՆԱԿ

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած նմոյշներու շարքին կայ նաեւ Արցախի գործ մը, որու վրայ բանուած են հայերէն տառեր ու կենաց ծառ։ Այդ պատկերը կը խորհրդանշէ երկարակեացութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Ի տարբերութիւն ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած բազում նմոյշներէն՝ արցախեան կարպետը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Այսպէս, միայն այս պարագային համատեղուած են երկրաչափական զարդերն ու ծաղիկներու պատկերներ։

ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Այս ցուցահանդէսի եզրափակիչ փուլին նախատեսուած է Մարք-Անթուան Կալիսի եւ Ահմէտ Տիլէրի համատեղ բանախօսութիւնը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018