ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ իֆթարի սեղան մը կազմակերպեց քաղաքի զանազան շրջանակներէ ներկայացուցիչներուն համար։ «Չըրաղան»ի պալատէն ներս կազմակերպուած ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ։

Գլխաւոր սեղանին շուրջ էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Իսթանպուլի միւֆթի Սաֆի Արփակուշ, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա, Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ։

Մեր համայնքային շրջանակներէ աշխարհական վարիչներու առընթեր սեղանակիցներու շարքին էին նաեւ զանազան երկիրներէ դիւանագէտներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022