ՄԱՔՐՈՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԻՆ

Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Սա առաջին փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկան երկրի այժմու ղեկավարը՝ Էմմանիւել Մաքրոն (27.6%) եւ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին լը Փեն (23.4%)։ Այս երկուքը ապրիլի 24-ին նախատեսուած քուէարկութեան երկրորդ փուլին պիտի մրցին իրարու հետ, ինչպէս որ եղած էր նախորդ՝ հինգ տարի առաջուայ ընտրութիւններուն ժամանակ։

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին գլխաւոր հնգեակին մաս կազմեցին Ժան-Լիւք Մելանշոն, Էրիք Զեմուր եւ Վալերի Փեքրես։ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուն էր, զբաղեցուց տասներորդ հորիզոնականը։

Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած ընտրողներու մօտաւորապէս 75 տոկոսը մասնակցութիւն բերած է նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022