ՊՐԻՒՔՍԵԼԷ ՎԵՐՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Հարկ է նշել, որ Փութին շաբաթավերջին հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահ-մանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ նիւթերու։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Փութին զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նախօրէին Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման։ Փաշինեանի, Միշելի եւ Ալիեւի մասնակցութեամբ ծաւալուած բանակցութիւններու լոյսին տակ, շաբաթավերջի հեռախօսազրոյցի ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները կարեւորեցին Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, սահմանազատման աշխատանքներու սկիզբի մասին գոյացած համաձայնութիւնները։ Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց լիարժէք աջակցիլ վերոյիշեալ գործընթացներուն։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու ներխուժման։ Նիկոլ Փաշինեան արտայայտեց հայկական կողմի ակնկալութիւնը, որպէսզի ռուս խաղապահները յստակ միջոցներ ձեռք առնեն՝ ներխուժած Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները դուրս բերելու համար։

Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերուն։ Նկատի ունենալով, որ ապրիլի 19-ին Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա՝ զրուցակից ղեկավարները համաձայն գտնուեցան, որպէսզի այդ հարցերը մանրամասնօրէն քննարկուին մօտաւոր ապագայի բարձր մակարդակի շփման ընթացքին։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ շաբաթավերջին հրապարակումներ ըրին Փաշինեան-Փութին զրոյցին շուրջ։ Այդ հաղորդումներուն մէջ ոչինչ նշուած է՝ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու ներխուժման հարցին վերաբերեալ հայկական կողմի ակնկալութիւններուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով նշուեցաւ, թէ Երեւան յանձնառու է ապահովել Արցախի ժողովուրդի՝ իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը։ Նախարարութիւնը ընդգծած է միջազգային հանրութեան ջանքերու հրատապ նշանակութիւնը՝ կանխելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան գոյութենական անվտանգութեան սպառնալիքները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022