ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԵՐ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան վերջերս այցելեց Հարաւային Ամերիկա: Այս կապակցութեամբ Agencia Prensa Armenia կը հաղորդէ հետեւեալը.-

Ապրիլի 22-30 թուականներու միջեւ աշխատանքային այցելութեամբ Արժանթին կը գտնուէր Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան: Տարի մը առաջ Հայկազեան համալսարանի եւ Ռոսարիոյի Պետական ազգային համալսարանի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրի ծիրէն ներս, Հայկազեանի նախագահը հրաւիրուած էր Ռոսարիոյի համալսարանին մէջ գործող Հայկական ամպիոնի «Հայկական հարցը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ» տարեկան սեմինարին բացումը կատարելու յատուկ դասախօսութեամբ մը:

Այցելութեան օրակարգին վրայ էին նաեւ Ռոսարիոյի ու Պուէնոս Այրէսի մէջ համայնքային եւ ակադեմական հանդիպումներ, հրապարակային դասախօսութիւններ եւ 24 ապրիլի յիշատակման արարողութիւններու մասնակցութիւն: Այսպէս, իր ժամանումին գիշերն իսկ, ապրիլ 22-ին, Հայտոսթեան անգլերէնով դասախօսեց Միջազգային յարաբերութիւններու արժանթինեան խորհուրդին մէջ՝ «Ի՞նչ դեր վերապահուած է Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան տարածքաշրջանի զարգացման գործընթացին մէջ» նիւթին մասին:

Նշեալ հիմնարկը նախքին դիւանագէտներն ու միջազգային քաղաքականութեան մասնագէտներ համախմբող ամենահանրածանօթ թինք-թանքն է: Ելոյթէն յետոյ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հիւրին՝ իրենց ակումբին մէջ: Յաջորդ օր Փոլ Հայտոսթեան մասնակցեցաւ Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններու (ծանօթ՝ լատինական իր սկզբնատառերով որպէս ԻԱՐԱ) շաբաթօրեայ ժողովի մէկ բաժնին, որուն ընթացքին ան համայնքի ղեկավարներուն ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայկազեան համալսարանը եւ կարծիքներ փոխանակեց միջհամայնքային համագործակցութեան հեռանկաներուն մասին: Նոյն գիշերը ան ընթրեց համայնքէն խումբ մը ակադեմականներու հետ՝ փոխծանօթացման ու համագործակցութեան կարելիութիւններու քննարկման մասին զրուցելու նպատակով: Ռոսարիոյի մէջ ապրիլ 24-26 թուականներու իր եռօրեայ այցելութեան օրակարգը բազմակողմանի էր:

Ծրագիրը սկսաւ ապրիլեան յիշատակումի համայնքային հրապարակային ձեռնարկով, որուն աւարտին քաղաքի Յիշողութեան թանգարանին մէջ, ուր Մեծ եղեռնին յատկացուած բաժին մը կայ, վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան ուղերձի խօսքով հանդէս եկաւ տեղւոյն հայ եւ լիբանանցի համայնքներու ներկայացուցիչներուն առջեւ: Նոյն գիշերը, հայ համայնքը ի պատիւ իրեն կազմակերպեց ընդունելութիւն մը: Ապրիլի 25-ին Փոլ Հայտոսթեան բացումը կատարեց Հայկական ամպիոնի տարեկան սեմինարին, ապա, յետմիջօրէին, ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան համայնքի հովանաւորութեամբ գործող լատինամերիկեան Մանկավարժական կեդրոն-համալսարանին մէջ: Ռոսարիոյի լիբանանեան համայնքը այդ գիշեր Տքթ. Հայտոսթեանը պատուեց յատուկ ճաշկերոյթով: Այցելութեան վերջին օրը Հայկազեանի նախագահը պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Ռոսարիոյի համալսարանի իր գործընկերոջ՝ Հեքթոր Ֆլորիանիի հետ եւ Հայկական ամպիոնի պատասխանատուներու եւ այլ ակադեմականներու ներկայութեամբ փոխանակուեցան համագործակցութեան համաձայնագրի փաստաթուղթերը:

Վերադառնալով Պուէնոս Այրէս, ապրիլ 26-ի գիշերը ան հիւրը եղաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) յատուկ ընթրիքին, ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան: Շաբաթ գիշեր ան այցելեց Պուէնոս Այրէսի Սիրիօ-Լիպանէս ակումբը, ուր հիւրընկալուեցաւ Տիարիօ Սիրիօ-Լիպանէս առցանց հրատարակութեան տնօրէն եւ ակումբի ղեկավարներէն Ժաուտաթ Պրահիմի կողմէ: Նշենք, որ յիշեալ շաբաթաթերթը երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայտոսթեանին հետ: Կիրակի, 28 ապրիլին, Տքթ. Հայտոսթեան մասնակցեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտամունքին եւ եղաւ օրուայ քարոզիչը՝ ապրիլեան խորհուրդին նիւթով:

Ապա ան ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած ապրիլեան աւանդական մատաղին: Իր այցելութեան նախավերջին օրը, Տքթ. Հայտոսթեանը ընդունեց Արժանթինի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Եսթեր Մկրտումեան, իսկ վերջին գիշերը, նախքան օդակայան մեկնիլը, ան մասնակցեցաւ ՀՅԴ-ի Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ տարածքաշրջան այցելող Արցախի պատուիրակութեան ի պատիւ տրուած ընթրիքին:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019