ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա-Իրան առանցքին վրայ երէկ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Քառակողմանի բանակցութիւններու հիման վրայ որոշուեցաւ այս չորս երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացնել Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ճանապարհային քարտէս մը, որ պիտի պատրաստուի յառաջիկային։ Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու գլխաւորեց թրքական պատուիրակութիւնը։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի տանտիրութեամբ, բանակցութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիան։

Կը հաղորդուի, որ երէկուան բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ 3 ժամ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հիւրերու տան՝ Մորոզովի պատմական ապարանքի երդիքին տակ ծաւալուեցան քննարկումները։ Այսպէսով 2011 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ շփում մը տեղի ունեցաւ։

Բանակցութիւններէն վերջ կողմերը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ քննարկումները դրական մթնոլորտի մը մէջ իրականացուած են եւ կողմերը համակարծիք գտնուած են շփումները շարունակելու ուղղութեամբ։ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց նաեւ այլ մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին հիմնական չորս խնդիր արծարծուեցաւ։ Այսպէս, կողմերու օրակարգին վրայ էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով համագործակցութիւնը, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, գաղթականաց վերադարձի ենթագետինը պատրաստելու եւ ապահովելու ուղղեալ համագործակցութիւնը, նաեւ երկրէն ներս կայունութեան վերահաստատման համար քաղաքական գործընթացին զարգացումը։

Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով երկկողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Ըստ տեղական մամլոյ հաղորդումներուն, զրոյցի ընթացքին անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին։

Մոսկուայի բանակցութիւններէն առաջ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ տեղեկացուցած էր, որ Սուրիոյ մէջ կը նախատեսուի ստեղծել ռազմական համակարգող կեդրոն մը՝ Անգարայի, Մոսկուայի, Դամասկոսի եւ Թեհրանի մասնակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023