«ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՆ…»

Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումները վերստին թափ ստացած են ուղիղ բանակցութիւններով։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս շաբաթավերջին բանակցութիւններ կը վարեն Ալմաթիի մէջ։ Ղազախիստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Նուրթլէուի տանտիրութեամբ երէկ սկսան քննարկումները, որոնք տեւեցին չորս ժամ։ Ալմաթիի «Բարեկամութեան տուն» համալիրէն ներս նախարարները այսօր եւս կը շարունակեն բանակցութիւնները։ Հարկ է յիշեցնել, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով վերջին անգամ անցեալ փետրուարի վերջաւորութեան Պերլինի մէջ հանդիպած էին։ Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու հերթական փուլը կ՚ընթանայ Ղազախիստանի տանտիրութեամբ՝ Երեւանի մէջ ալ կը շարունակուին «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման կողմէ կազմակերպուած քաղաքացիական անհնազանդութիւնները։

Արարատ Միրզոյեան երէկուան բանակցութիւններու սկիզբին յայտնեց, որ Հայաստան շինիչ ձեւով ներգրաւուած է հաշտութեան գործընթացին։ «Կը կարծեմ՝ մենք պէտք չէ սահմանափակուինք խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ։ Մենք պէտք է ու մենք կարող ենք յառաջ երթալ, ապաշրջափակել տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան կապուղիները։ Սա ընել, ի հարկէ, այն ընկալմամբ, թէ բոլոր կապուղիները կ՚ըլլան տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան ներքեւ, կը գործեն տուեալ երկրի իրաւազօրութեան ներքեւ, իսկ պետական սահմանի հատման բոլոր ընթացակարգերը կը համաձայնեցուին փոխադարձութեան սկզբունքով», նշեց Արարատ Միրզոյեան։ Բաց աստի, ան հերթական անգամ մատնանշեց 1991-ին ստորագրուած Ալմաթիի հռչակագիրը եւ ըսաւ. «Ըստ էութեան, սա կը նշանակէ, որ սահմանազատման գործընթացին մէջ պէտք է վերարտադրուին այն սահմանները, որոնք գոյութիւն ունեցած են Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն»։ Ան խորհրդանշական համարեց, որ Պայրամովի հետ բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան նոյն՝ Բարեկամութեան տան մէջ, ուր 1991-ին ստորագրուած էր Ալմաթիի հռչակագիրը։ «Կարեւոր է, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին թէ՛ Հայաստանի վարչապետը եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահը տարբեր ձեւաչափերով քանի մը անգամ վերահաստատած են Ալմաթիի հռչակագրին նկատմամբ յանձնառութիւնը, վերահաստատած են նաեւ անոր հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ վերահաստատած են սահմանազատման գործընթացի անոր հիմքով իրականացումը», նշեց Միրզոյեան։

Երէկուան բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ թէ՛ Միրզոյեան եւ թէ Պայրամով առանձին հանդիպումներ ալ ունեցան Նուրթլէուի հետ։ Միրզոյեանի հետ քննարկումներու ընթացքին Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարճ ժամանակի ընթացքին ահռելի աշխատանք կատարուած է, սահմանային սիւներու տեղադրումը գրեթէ աւարտած է։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Շուշի կատարած այցելութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի հետ սահմանազատումը կ՚իրականացուի իր երկրի պայմաններուն հիման վրայ։ «Սա մեր հերթական յաղթանակն է, այդպէս ալ պիտի շարունակուի», նշեց ան՝ անդրադառնալով Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանակից չորս գիւղերուն Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանին անցնելուն։

«Այսօր մեր մէկ խնդրանքով Ղազախի չորս գիւղ կը վերադարձուի մեզի։ Այդպէս ալ պիտի շարունակուի։ Այստեղ խօսելու իրաւունքը մեզի կը պատկանի, մենք Կովկասի յառաջատար պետութիւնն ենք։ Մենք յառաջատար պետութիւն ենք տնտեսական, քաղաքական, ռազմական առումով, բոլոր առումներով, բոլորը պէտք է հաշուի նստին մեզի հետ։ Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ անոր ետին կանգնած արտաքին շրջանակները, որոնք սուտ խոստումներ կու տան, կը զղջան եթէ մեզի հաշուի չառնեն», դիտել տուաւ ան։ 

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024