ՏԱՐԻ ՄԸ ՈՒՇ

Այսօր երեկոյեան կը սկսի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութիւնը։ «Եւրօ 2020»ը տարի մը յապաղումով կ՚իրականանայ՝ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։ Համաեւրոպական այս մրցաշարքը առաջին անգամ երկուքէ աւելի երկիրներու մէջ նախատեսուած է։ Ան պիտի տեւէ 31 օր եւ ընթացքին 51 ֆութպոլի հանդիպում տեղի պիտի ունենայ։

Մրցաշարքի բացումը այսօր տեղի կ՚ունենայ Հռոմի մէջ՝ Իտալիա-Թուրքիա խաղով։ Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ 17 հազար մարզասէր, որու 3 հազարը պիտի ըլլայ թուրք։ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միւս հանդիպումները նախատեսուած են Պաքուի մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021