ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենան Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի բանակցութիւնները։ Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ճէյմս Օ՚Պրայըն։ Այս առաւօտ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Օ՚Պրայընի հետ։ Օրուան տեւողութեան անոնք կը գլխաւորեն բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ամփոփիչ յայտարարութիւն մը կը հրապարակուի։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու օրակարգին վրայ են տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Միրզոյեան այս առաւօտ ընդգծեց, որ Երեւան կը յուսայ Ուաշինկթընի հետ ռազմավարական երկխօսութիւնը բարձրացնել համապատասխան նոր յանձնաժողովի մը մակարդակին։ Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին։

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղէրի Քանի «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը կողմնակից է Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման, սակայն դէմ է որեւէ նախագծի, որ կրնայ սահմաններ փոխել տարածաշրջանէն ներս։

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024