ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հա­մա­ցան­ցի վրայ վեր­ջերս գործել սկսաւ «Հա­յաս­տա­նը եւ հա­յե­րը Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին» թան­գա­րա­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­մա­ցան­ցա­յին այս թան­գա­րա­նը վեր­ջերս պաշ­տօ­նա­պէս ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նա­տան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս հաւա­քոյ­թը, ո­րու տան­տէրն էր դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան եւ ֆրան­սա­հայ յայտ­նի ա­կա­դե­մա­կան Քլեր Մու­րա­տեան։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015