ԱԼԻԵՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹԻԼԸՐՍԸՆԻ ՀԵՏ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդիպում մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ։ Երկուքն ալ կը մասնակցէին Համաշխարհային նաւթի համաժողովին։ Զրոյցի տեւողութեան Ալիեւ եւ Թիլըրսըն շօշափեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանազան ոլորտներէ ներս Ուաշինկթըն-Պաքու համագործակցութիւնը։

«ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան  հաղորդումներով, Ալիեւ եւ Թիլըրսըն անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով հրադադարի վերջին խախտումներուն վրայ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017