ԵՒ ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏ…

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեւցոյ կեանքէն ներս վերջին շրջանին ծագած խնդիրները։ Ինչպէս ծանօթ է, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» լոզունգով վերջին շրջանին սակաւաթիւ խումբ մը մարդիկ սկսած են շարժումի մը՝ պահանջելով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը։ Շաբաթներէ ի վեր շարունակուած խայտառակ երեւոյթներու, ու մանաւանդ մայրավանքի տարածքէն ներս կազմակերպուած անընդունելի ցոյցերու լոյսին տակ՝ ԳՀԽ կատարեց արժեւորումներ։ Ի վերջոյ շաբթուան մը վերջնաժամկէտ սահմանուեցաւ այս բոլորին համար։

ԳՀԽ-ի երէկուան նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, ատենապետեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է, որ ԳՀԽ-ի ժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ վերջին շաբաթներուն իրականացուող հակականոնական գործողութիւններուն, ներառեալ դիւանատան շէնք ներխուժումը եւ Մայր Աթոռի աշխատանքը խոչընդոտելու փաստերը։ Քննարկելով ստեղծուած կացութիւնը՝ ԳՀԽ-ի անդամները անընդունելի եւ դատապարտելի նկատեցին յայտնի նախաձեռնութեան որդեգրած քայլերը, որոնք կը խաթարեն եկեղեցական ներքին անդորրը ու գայթակղութիւն կը դառնան հաւատացեալներուն համար։ Տեղեկացուեցաւ, որ խնդրի առընչութեամբ իրենց անհանգստութեան եւ դատապարտութեան խօսքը հնչեցուցած են բազում հաւատացեալներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն, եպիսկոպոսաց դասը եւ բազմաթիւ եկեղեցականներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները 6 յուլիս 2018 թուակիր խնդրանքով մը դիմած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ որպէսզի խնդրոյ առարկայ անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու խիստ միջոցներ ձեռք առնուին։ Իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախումբի յուլիսի 6-ի նիստին միաձայնութեամբ որոշուած է՝ Նորին Սրբութեան առաջարկել Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանը հռչակել կարգալոյծ։

Այդուհանդերձ, ելնելով եկեղեցւոյ կողմէ սէրը եւ ներողամտութիւնը ի սպառ արտայայտելու առաքելութենէն, անսալով Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորին, ԳՀԽ որոշեց մէկ շաբթուան վերջնաժամկէտ մը սահմանել, որպէսզի անդրադարձումի առիթ մը եւս ընծայուի նախաձեռնութեան անդամներուն՝ դադրեցնելու իրենց հակականոնական գործողութիւնները եւ զղջման ու ապաշխարութեան ճանապարհով վերադառնալու Սուրբ Էջմիածնի խնամակալ հովանիին տակ։ Կորիւն աբեղայի համար որոշուեցաւ անդրադարձումէ յետոյ սահմանել ապաշխարութեան շրջան վանքի մը մէջ։

ԳՀԽ-ի ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման կողմէ կազմակերպուած «Դէպի Հայաստան, դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին» համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութեան արդիւնքները։ Այս կապակցութեամբ զեկուցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման հոգեւոր պատասխանատուն է։ ԳՀԽ-ի անդամները գնահատանք յայտնեցին ուխտագնացութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին նկատմամբ՝ այս հաւաքի ծրագիրը բարեյաջող ձեւով կեանքի կոչած ըլլալու բերումով։ Խորհրդակցութեան ընթացքին կարեւորուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման կեդրոնական գրասենեակի եւ թեմերու երիտասարդական կառոյցներու հետեւողական աշխատանքը նոր սերունդին հետ։

ԳՀԽ-ի երէկուան ժողովէն վերջ կատարուած յայտարարութեան լոյսին տակ այժմ ուշադրութեամբ կը սպասուին եկեղեցական կեանքի յառաջիկայ իրադարձութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018