ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութիւնը վերջերս ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որու նպատակն է «Սուրիահայ փախստականներու աջակցութիւն» ծրագրի առողջապահական բաղադրիչի համատեղ իրականացումը։ Այս համագործակցութեան զուգահեռ մարդասիրական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի սուրիահայերուն՝ մասնաւորապէս ելմտական աջակցութիւն պիտի ստանան այն ընտանիքները, որոնք անյետաձգելի առողջապահական սուղ ծառայութիւններու կարիքը կը զգան։ Յուշագրի ծիրէն ներս Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութիւնը 25-500 ամերիկեան տոլար աջակցութիւն պիտի տրամադրէ յիշեալ առողջապահական ծառայութիւններու կազմակերպման համար։ Իսկ ՀԲԸՄ պիտի ապահովէ շահառուներու առաջին բժկական օգնութեան տրամադրումը եւ յաջորդելիք բժշկական կարիքներու գնահատումը՝ իր հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Քլոտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնէն ներս։

Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութիւնը սուրիահայոց մարդասիրական կարիքներուն արձագանգած է անոնց Հայաստան հաստատման առաջին իսկ օրէն սկսեալ՝ 2012 թուականէն ի վեր։ Այդ աջակցութիւնը եղած է բազմաբնոյթ՝ իրաւական խորհրդատուութենէ եւ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումէ սկսեալ, մինչեւ սեփական գործարարութիւն հիմնելու հնարաւորութեան ստեղծում եւ զարգացում։ Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Աննա Եղեազարեան ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս ծրագրին շնորհիւ կը կարողանան սուրիահայերուն աջակցիլ նաեւ առողջապահական ծառայութիւններու ուղղութեամբ, քանի որ այս բանին կարիքը շատ մեծ է։

«Սուրիահայ փախստականներու աջակցութիւն» ծրագիրը, որ մինչեւ հոկտեմբերի վերջաւորութիւնը պիտի շարունակուի, կը հետապնդէ Հայաստանէ ներս սուրիացի փախստականներու բարեկեցութիւնը ապահովելու նպատակը՝ մարդասիրական օգնութեան եւ կրթութեան հասանելիութեան միջոցաւ՝ մասնաւորապէս աւելի խոցելի ընտանիքներու պարագային։

«100 հազար ամերիկեան տոլար կը կազմէ աջակցութեան այս ծրագրի ընդհանուր գումարը։ Առաւել խոցելի 60 ընտանիք տարին չորս անգամ կը ստանայ սննդամթերքի ծրարներ։ 170 առաւել խոցելի ընտանիք տարին երկու անգամ կը ստանայ հագուստեղէն ձեռք բերելու կտրօն։ Առաւել խոցելի 30 ընտանիքի՝ անյետաձգելի առողջապահութեան ծառայութեան կարիք ունեցող անդամներուն կը տրամադրուի անհրաժեշտ գումար։ Առաւել խոցելի ընտանիքներէ 40 ուսանողի կը տրամադրուի ուսման վճարի մասնակի փոխհատուցում։

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն ՀԲԸՄ սուրիահայոց աջակցութեան ուղղեալ մարդասիրական, ընկերային, կրթական եւ առողջապահական լայնածաւալ ծրագրեր իրագործած է Սուրիոյ կամ այլ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։ Սուրիահայ հարիւրաւոր երիտասարդներ, որոնք իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանան Հայաստանի մէջ, անցեալ տարիներուն օգտուած են կրթաթոշակներու մեր ծրագրէն։ Սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն կը ցուցաբերուին ընկերային եւ առողջապահական զանազան օգնութիւններ։ Հազարաւոր սուրիահայեր կ՚օգտուին ՀԲԸՄ-ի «Քլոտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնի ծառայութիւններէն։ Վիրահատական անյետաձգելի միջամտութիւններու, ծանր հիւանդութիւններու դարմանման պարագային՝ մասնակիօրէն կը դիմագրաւուին ծախսերը։ Ծրագրերու իրականացման գործընթացին մէջ մենք չափազանց կը կարեւորենք համագործակցութեան ընդլայնումը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու հետ։ Անոնց հետ համատեղ աշխատելու մեր փորձառութիւնը արդիւնաւէտօրէն կը ծառայէ տագնապալի իրավիճակի մէջ յայտնուած մարդոց կարիքներու բաւարարման։ Այս տեսանկիւնէն մեծապէս կը կարեւորեմ Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութեան հետ այս համագործակցութիւնը»։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020