ԹԱՐՄ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Բացառիկ նշանակութեամբ նիստ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ օրակարգի վրայ էր Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան հաւանութիւն տալու հարցը։ Այս ռազմավարութեան նախագիծը դարձաւ քննարկման առարկայ։ Նիկոլ Փաշինեան ժողովի սկիզբին խօսեցաւ ներածական մը։ Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան զանազան երեսակներու մասին խօսեցաւ վարչապետը՝ կանգ առնելով արժէքներու, նպատակներու եւ այլ զանազան նիւթերու վրայ։ «Հայկական պետութիւնը հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ զարգացման միակ երաշխաւորն է։ Հետեւաբար, հայկական պետութիւնը պէտք է գոյութիւն ունենայ յաւիտեան, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պէտք է գոյութիւն ունենայ յաւիտեան», ըսաւ Փաշինեան։

Ժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց, որ Հայաստան ամբողջ պատմութեան ընթացքին գտնուած է արեւելքի արեւմուտքին եւ արեւմուտքի արեւելքին՝ յաճախ հանդիսանալով քաղաքակրթութիւններու բախման թատերաբեմ։ «Մենք կը մերժենք քաղաքակրթութիւններու բախման կանխավարկածը եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կը դիրքաւորուինք՝ որպէս քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան ջատագով։ Միջազգային երկխօսութիւնը արտաքին յարաբերութիւններու մեր առանցքային տեսլականն է՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, հասկնալու եւ հասկնալի դառնալու ձգտման վրայ։ Քաղաքակրթութիւններու, ժողովուրդներու, պետութիւններու երկխօսութիւնը եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններուն նպաստելը պիտի դառնայ միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան աջակցելու մեր յանձնառութեան արտայայտութիւնը։ Հայաստան պատրաստ է դառնալ նման երկխօսութեան հարթակ», ըսաւ Փաշինեան ժողովի սկիզբին։

Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան փաստաթուղթին մէջ Հայաստանի պետութեան գոյութեան աղբիւրը եւ երաշխիքը կը համարուի հայ ժողովուրդի կամքը։ Այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը պայմանաւորուած է, կը պայմանաւորուի եւ պիտի պայմանաւորուի հայ ժողովուրդի կամքով։ Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, սա ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան հայեցակարգին տեսակէտէ շատ կարեւոր առանձնայատկութիւն մըն է։ 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020