ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Արցախ։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալւեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ շեշտեց, որ վերջին ընտրութիւնները ցոյց տուած են, թէ Արցախ ո՛չ միայն ամուր եւ հզօր, այլեւ՝ ժողովրդավարական երկիր մըն է։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հզօրացման եւ զարգացման հեռանկարային շարք մը ծրագրերու։

Արմէն Սարգսեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի առանձնազրոյցէն վերջ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեան, Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի զարգացման հարցերու շուրջ։

Կը հաղորդուի, որ Ստեփանակերտի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ զրուցեց նաեւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։ 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020