ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան գիտութեան ու փորձագիտութեան առաջին գագաթաժողովը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ։ Ղազախիստանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան՝ որպէս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկրի ղեկավարը։

Իր ելոյթին մէջ Էրտողան մատնանշեց, որ ներկայ ժամանակաշրջանին աշխարհի վրայ ամէն կողմ մահմետականները կ՚ապրին դժուարութեան մէջ։ Հետեւաբար, իսլամական երկիրները ճգնաժամերու համար պէտք չէ զոհեն իրենց զօրակցութիւնը։ Էրտողան շեշտեց, որ իսլամական աշխարհի փայլուն ուղեղներն ալ կը խլուին արեւմուտքի կողմէ։

Աստանայի մէջ Էրտողան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ գագաթաժողովին մասնակից բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Այս ամբողջին մէջ ան զրուցեց նաեւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ճեւատ Զարիֆ, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Թրամփ ուշադրութիւն հրաւիրեցին երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան վրայ ու շեշտեցին կարեւորութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի զարգացնելու եւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ամրապնդման նպատակով համատեղ աշխատանքին։

Երկու նախագահները համակարծիք գտնուեցան՝ որպէսզի յառաջիկայ օրերուն տեսակցին Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման ժամանակ։

Հարկ է նշել, որ Անգարայի եւ Ուաշինթընի միջեւ ներկայիս առկայ են շարք մը լարուածութիւններ, որոնք ըստ էութեամբ պայմանաւորուած են Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ կարգ մը խնդիրներով։ Անոնց վրայ կ՚աւելնայ Էրտողանի ԱՄՆ տուած վերջին այցելութեան ընթացքին թիկնապահներուն վերաբերեալ յառաջացած հարցը։ Այս կապակցութեամբ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտն ալ ծաւալած է քննարկումներ եւ ընդունած է որոշում մը՝ այս ուղղութեամբ շարք մը պատժամիջոցներու գործադրութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017