ՀՐԱՉ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի գիտնական Տքթ. Հրաչ Սէմէրճեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Ան կ՚ապրի Ուաշինկթընի մօտակայքին ու երկար տարիներ որպէս աւագ գիտնական աշխատած է ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Չափանիշներու եւ փորձագիտութեան ազգային կաճառէն ներս։

Հրաչ Սէմէրճեան խմբագրատունս այցելեց իր քրոջ՝ Ազատուհի Սէմէրճեանի հետ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի յայտնեց, որ նախակրթութիւնը ստացած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, աւելի վերջ աւարտած՝ Կեդրոնականը։ Բարձրագոյն ուսման համար յաճախած է Ռոպերթ քոլէճ՝ երբ այս վերջինը ունէր համալսարանի կարգավիճակ։ Հրաչ Սէմէրճեան աւելի վերջ հաստատուած է արտասահման եւ ԱՄՆ-ի մէջ ծաւալած՝ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Ան հնարաւորինս պահած է իր կապը ծննդավայրին հետ։ Անմիջական հանդիպման ընթացքին Հրաչ Սէմէրճեան յայտնեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ անոր հրատարակութիւններուն շնորհիւ հաղորդ կը մնայ թրքահայ կեանքին։

Հարկ է նշել, որ Հրաչ Սէմէրճեան ներկայիս աշխատանքի ձեռնարկած է՝ պատրաստելու համար թրքահայ իրականութեան վերաբերեալ գիրք մը։ Սա պիտի ըլլայ թէ՛ տարրական տեղեկատուութեան եւ թէ իր յուշերու համադրութեամբ աշխատանք մը։ Ան դիտարկած է, որ մեր համայնքի վերաբերեալ տեղեկութիւնները կատարեալ ըլլալէ բաւական հեռու են սփիւռքի մէջ, ուստի որոշած է նման աշխատանքի մը ձեռնարկել եւ այդ գիրքը կը պատրաստէ անգլերէնով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019