«ՕՍՔԱՐ»Ը ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Յայտարարուած են «Օսքար»ի անուանակարգման նոր պահանջները։ Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիան ներկայացուցած է ցուցակը բացառիկութեան չափանիշներու, որոնց 2024 թուականէն սկսեալ պէտք է համապատասխանեն այն շարժանկարները՝ որոնք «Օսքար» մրցանակի «լաւագոյն շարժանկար» անուանակարգին մէջ կ՚ուզեն յայտնուիլ։

«Եկած է փոփոխութիւններու ժամանակը: Մենք կը յայտարարենք ներկայացուցչականութեան եւ բացառիկութեան նոր չափանիշները, որոնց անհրաժեշտ է համապատասխանել «լաւագոյն շարժանկար» անուանակարգի համար՝ սկսեալ 96-րդ «Օսքար» մրցանակէն», յայտարարած է ակադեմիան։

2024 թուականէն սկսեալ պայման է, որ շարժապատկերները համապատասխանեն չորս նոր չափանիշներէն առնուազն երկուքին: Նոր կանոնները կը սահմանեն շարժանկարներու ստեղծման մասնակցող դերասաններու, բեմադրիչներու եւ միւս արհեստավարժներու տոկոսային յարաբերակցութիւնը կամ թիւը՝ բացառիկութեան կանոններուն համապատասխան:

Այսպէս, գլխաւոր դերակատարներէն գոնէ մէկը կամ երկրորդ կարգի նշանաւոր դերասանը պէտք է ըլլայ անծանօթ ցեղախումբէ կամ էթնիք խումբէ: Միւս հնարաւոր չափանիշն է՝ երկրորդական դերերու առնուազն 30 տոկոսը պէտք է կատարեն սեռական տարբեր կողմնորոշում ունեցող անձերու, ցեղախումբի մը կամ էթնիք խումբերու ներկայացուցիչները, կիներ կամ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ:

Շարժապատկերներու ստեղծողները կրնան նաեւ անոնց նուիրել գլխաւոր դերակատար ըլլալու հնարաւորութիւնը: Միւս չափանիշները կը վերաբերին այս խումբերու անհրաժեշտ նուազագոյն թիւով ներկայացուցիչներուն, որոնք կը մասնակցին շարժանկարներու արտադրութեան կամ անոր ծանօթացման: Շարժանկարներ ստեղծողներու նաեւ որոշակի քանակութեամբ վարժութեան դասընթացներ կամ ուսուցում կ՚առաջարկուին կիներու, ցեղախմբական կամ էթնիք փոքրամասնութիւններու «լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին մէջ դիտուելու համար:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020