ԳՆԴԱՁԵՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆ

Աւստրալիոյ Իփսուիչ քաղաքի մերձակայքին կը վաճառուի գնդաձեւ շինուած բնակարան մը։ Տունին մակերեսը կը կազմէ աւելի քան հազար քառակուսի մեթր: Բնակարանը ունի քսան սենեակ, ան կառուցուած է 39 տարի առաջ:

Անսովոր տունը բաղկացած է 11 պեթոնէ գունդերէ, որոնց տրամագիծը կը կազմէ չորսէն ութ մեթր: Տունը ունի հիւրասենեակ, երեք ննջասենեակ, երեք ճեմիշ, խոհանոց, փորձագիտութիւններու սենեակ, գինիի մառան, երկու գրադարան, աշխատասենեակ:

Տարածքին մէջ կայ կառատուն եւ կոլֆի խաղադաշտ:

Տունը կարելի է ձեռք բերել 1.8 միլիոն աւստրալական տոլարով:

Գնդաձեւ տան ճարտարապետը աւստրալացի Կրահամ Պէօրչըլն է, որ զայն կառուցած է 1981 թուականին՝ իր աւարտաճառի նախագիծի շրջանակներուն մէջ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020