ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ

Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանի մէջ կը տեղադրուի մշակութային գործիչներուն նուիրուած յուշակոթող մը։ Ընդունուեցաւ Երեւանի Իսրայէլեան փողոցի թիւ 37 շէնքի հարեւանութեամբ հայ մշակոյթի ականաւոր գործիչներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը տեղադրելու նախագիծը։

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Գոռ Սարգսեան, ներկայացնելով նախագիծը, յայտնեց, որ այդ որոշման ընդունման համար հիմք կը հանդիսանայ քաղաքապետին ուղղուած՝ տուեալ շէնքի բնակիչներու գրութիւնը:

«Այս յուշակոթողով մենք վառ կը պահենք հայ ականաւոր գործիչներու յիշատակը: Յուշակոթողի տեղադրման հետ կապուած բոլոր ծախսերը կը հոգան արուեստի գործիչներու հարազատները: Յուշակոթողը կը զարդարէ Երեւան քաղաքի Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի փողոցը, որ կ՚աւարտի Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանով», ըսաւ Գոռ Սարգսեան:

Յուշակոթողի վրայ կ՚ըլլան հետեւեալ արուեստագէտներու անուններն ու ազգանունները. Ելենա Արարատովա, Սվետլանա Գրիգորեան, Ալեքսանդր Գրիգորեան, Վահրամ Եղշատեան, Լեւոն Թուխիկեան, Վանուշ Խանամիրեան, Մելինէ Համամճեան, Ալպերթ Եավուրեան, Ազատ-Մարիամ Զուլումեան, Վաղարշակ Էլիբէկեան, Մայիս Գարակէօզեան, Անժիկ Յակոբեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Վարդան Յովսէփեան, Նար Յովհաննիսեան, Եդուարդ Ղազարեան, Ֆրունզէ Մկրտչեան, Աշոտ Մելքոնեան, Վերջալոյս Միրիճանեան, Արա Շիրազ, Սօս Սարգսեան, Գուսան Շահէն Սարգսեան, Ալպերթ Սարգսեան, Սուրէն Սաֆարեան, Վարուժան Վարդանեան եւ Ալեքսանդր Պետրոսեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020