ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՎԱՂԸ ԵԳԻՊՏՈՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Գահիրէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 սեպտեմբեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան կեցութեան օրերուն կը տեսակցի Եգիպտոսի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, նաեւ հանդիպում մը կ՚ունենայ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Զօհրապ Մնացականեանի այս ուղեւորութիւնը շատ հետաքրքրական է ժամկէտին առումով։ Արդարեւ, արեւելեան Միջերկրականի տագնապը ներկայիս միջազգային օրակարգի վրայ կը համարուի հրատապ, իսկ Եգիպտոս այդ տագնապի հիմնական դերակատարներէն մին է։ Իրերու ընդհանուր դրուածքին մէջ Եգիպտոս նոյն ճամբարին մաս կը կազմէ՝ Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի նման երկիրներու հետ, որոնք ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն Թուրքիան։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն զուգահեռ, Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը Երեւանի քաղաքականութեան մէջ որոշ փոփոխութիւններու պատճառ դարձած է։ Հայաստան սկսած է անվերապահօրէն զօրակցիլ Յունական Կիպրոսին եւ Յունաստանին, որոնց հետ միջոցէ մը ի վեր ռազմական համագործակցութիւնը կը խորացնէ։ Երեւանէն հնչած պաշտօնական յայտարարութիւններու բանաձեւումներու մէջ ալ զգալի կը դառնան նոր երանգաւորումներ, փոփոխութիւններ։ Երեւան վերջերս տեսակէտ յայտնեց նաեւ արեւելեան Միջերկրականի իրադրութեան շուրջ, ինչ որ Անգարայի բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։

Այս պայմաններուն ներքեւ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի Զօհրապ Մնացականեանի Գահիրէ այցելութեան եւ այնտեղ ստեղծուելիք մթնոլորտին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020