ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐԸ ԲԱՒԱՐԱՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ նոր դէպքերը ամբողջ երկրին մէջ կ՚աւելնան։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղւոյն վրայ քննարկումներ ընելու համար երէկ այցելեց Վան։ Տեղական խնդիրներուն լուծում գտնելու համար տրուած այս այցելութեան ընթացքին Ֆահրետտին Քոճա համատեղ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Մուշի, Հաքքեարիի եւ Պիթլիսի առողջապահութեան ոլորտի իրաւասուներուն հետ։ Նախարարը այս առթիւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ալ ըրաւ յայտարարութիւններ։ Ըստ իրեն, քաղաքէ քաղաք կը տարբերի համաճարակի վերաբերեալ ընդհանուր կացութիւնը։ Երկրէն ներս ընդհանրապէս հիւանդներու թիւը վերելք կ՚արձանագրէ, սակայն այս յաւելումը խառն ձեւով չի պատահիր։ Այսպէս, կարգ մը քաղաքներու մէջ հիւանդներու թիւը կը մնայ նոյնը կամ կը նուազի, իսկ կարգ մը քաղաքներու մէջ ալ անբաղձալի իրադարձութիւններ կը պատահին։ Վանի մէջ վերջին ամսուայ ընթացքին 100 տոկոսով աւելցած է նոր հիւանդներու թիւը։ Մուշի մէջ այդ համեմատութիւնը կազմած է 15 տոկոս, իսկ Հաքքեարիի մէջ՝ 38 տոկոս։

Հիւանդանոցներու ընդհանուր կացութեան ալ անդրադարձաւ նախարարը։ Այսպէս, Վանի մէջ հիւանդանոցներու մահճակալներու 53 տոկոսը զբաղուած է, իսկ խտացեալ խնամքի բաժանմունքներու 74 տոկոսը։ Արհեստական շնչառութեան սարքերու պարագային զբաղուածութեան համեմատութիւնը հասած է 21 տոկոսի։ Թուրքիոյ ընդհանուրին մէջ հիւանդանոցներու մահճակալներու զբաղուածութեան համեմատութիւնը 52 տոկոս կը կազմէ, իսկ խտացեալ խնամքի բաժանմունքներունը՝ 67 տոկոս։ Արհեստական շնչառութեան սարքերու զբաղուածութեան համեմատութիւնն ալ 32 տոկոս է երկրէն ներս։ Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ այս տեսանկիւնէն որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի։ Նախարարը յիշեցուց, որ համաճարակի շրջանին Իսթանպուլի մէջ օգտագործման յանձնուած են երկու մասնաւոր հիւանդանոցներ, որոնց տարողութիւնը կը կազմէ 2016 մահճակալ։ Այս պահու դրութեամբ Իսթանպուլի պարագային յաւելեալ որեւէ միջոցի անհրաժեշտութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ։

Պատասխանելով պատուաստանիւթի վերաբերեալ հարցումի մը՝ Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Ռուսաստանի կողմէ յառաջ կը տարուին համապատասխան աշխատանքներ։ Իր կանխատեսումներով, մինչեւ տարեվերջ հրապարակ կը հանուին պատուաստանիւթերը։ Նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ անհրաժեշտ շփումները մշակած, համագործակցութեան ենթագետինները պատրաստած է։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ 107 հազար 702 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1512 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 58 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1219։ Այս պահու դրութեամբ 1209 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ ընդգծեց, որ հիւանդներու տարիքի միջինն է 42։ Խտացեալ խնամքի ենթարկուած վարակեալներու տարիքի միջինն է 65։

«Սահմանափակումներուն միասնաբար յամառօրէն հնազանդինք, որպէսզի ժահրը մեզ մեր սիրելիներէն չբաժնէ։ Ամուր պայքարը կարելի է՝ նախազգուշական միջոցներուն համատեղ հնազանդելով», յայտնեց նախարարը։

ՎՐԱՍՏԱՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել։ Աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս այս լուրջ մարտահրաւէրը կը շարունակուի։ Եւրոպայէն հասած վերջին լուրերը խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնան, մինչ Թուրքիոյ հարեւան տարածքաշրջաններուն մէջ ալ ստեղծուած կացութիւնը այդքան ալ փայլուն չէ։ Այս իրավիճակին մէջ, երէկ Վրաստանէն ահազանգ հնչեց։ Վարչապետ Կէորկի Կախարիա յայտարարեց, որ երկրէն ներս սկիզբ առած է քորոնաժահրի համաճարակի երկրորդ ալիքը։ Ըստ վարչապետին, իրենք արդէն աշնան կը նախատեսէին երկրորդ ալիք մը եւ այժմ այդ մէկը սկսած է։ Կախարիայի խօսքով՝ խուճապի մատնուելու պատճառ մը չկայ, որովհետեւ իրենք արդէն լիարժէք կը վերահսկեն իրավիճակը։

Վերջին տուեալներով, երէկ, Վրաստանի մէջ արձանագրուեցան մրցանիշային թիւով նոր վարակեալներ։ Այսպէս, մէկ օրուայ ընթացքին ստուգուեցաւ 57 հիւանդ։ Օր մը առաջ ալ այդ թիւը 44 էր։ Կախարիա շեշտեց, որ այս ցուցանիշները կը վկայեն երկրէ ներս վիճակի փոփոխութեան մասին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020