ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՎ ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԸ

Այսօր՝ կ՚ոգեկոչենք հայ գրականութեան տիտաններէն Տիրան Չրաքեանը, որուն ծննդեան 145-ամեակն է։ Ան ծնած է 1875 թուականի սեպտեմբերի 11-ին Սկիւտար, Պոլիս: 1881-1885 թուականներուն նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Ս. Խաչ նախակրթարանի երդիքին տակ, ապա 1886-1891 թուականներուն աշակերտած է Պէրպէրեան վարժարանի մէջ։ Յաճախած է Պոլիսի Գեղարուեստական վարժարանը։ 1897 թուականին մեկնած է Փարիզ՝ նկարչութեան մէջ կատարելագործուելու։ 1895-1915 թուականներու միջեւ (կարճ ընդմիջումով) դասաւանդած է գաւառի եւ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ։

Տիրան Չրաքեան Պէրպէրեանի վարժարանի գեղապաշտ հոգիէն առած է ցոլքեր եւ իմաստասէր միտքէն՝ լոյս, ենթարկելով սակայն այդ բոլոր ազդեցութիւնները իր պրպտող եւ քննող ուժեղ հոգեկան ձգտումներուն։ Փայլուն շրջանաւարտ եւ ապա ուսուցիչ Պէրպէրեան վարժարանի կողքին՝ մինչեւ 1898 թուականը, երբ յանկարծ կը տեղափոխուի Տրապիզոն, ուսուցիչի կարեւոր դեր մը կատարելու։ Սեւ ծովը եւ անոր ծովափունքին ապրումները այդ թուականէն կու գան իր մէջ։ Կը վերադառնայ Պոլիս 1900-ին եւ վերստին կը նուիրուի ուսուցչութեան եւ գրական կեանքի։ Եւրոպա անցնելու փափաքը ուժգին կ՚ըլլայ իր մէջ. գեղարուեստները, մանաւանդ նկարչութիւնը կը հրապուրէր զինքը։ Ուրեմն կ՚անցնի Փարիզ, ուր շուրջ տարի մը կը մնայ եւ անձնական աշխատութեամբ եւ ընթերցումով ձեռք կը բերէ փափաքած զարգացումը՝ գրականութեան եւ նկարչութեան մէջ։ Պարտաւորուած ըլլալով Պոլիս վերադառնալ, կը թողու տհաճութեամբ լոյսի քաղաքը եւ անցնելով Եգիպտոս, կ՚այցելէ Աղեքսանդրիա, Գահիրէ եւ կը հասնի իր սիրած Պոլիսը։ 1905 թուականին կը վերսկսի դարձեալ գրական եւ ուսուցչական կեանքը Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պէզճեան վարժարաններուն մէջ։

1906 թուականին կը հրատարակէ իր «Ներաշխարհ»ը, գրուած 1898-1900 թուականներուն, անտիպ մնացած մինչեւ այդ ատեն։ Այդ գործը կը հանդիպի անտաղանդ գրադատներու կողմէ անհասկնալի ընդդիմութեան մը. անոնք իր բերած նորութիւնը եւ արուեստի ու գրական ըմբռնումներու թարմ շքեղութիւնը հասկնալու կարողութիւնը չունէին։ Ան «Բիւզանդիոն»ի մէջ կը պաշտպանէ ինքզինքը նոյնքան ընդարձակ գիրքով, որ իբր թէ մեկնութիւնը պիտի ըլլայ իր գործին։

Դիւրին արտադրող մը չէ եղած Ինտրա. 1908 թուականին է իր «Նոճաստան» փոքրիկ հատորն ալ չափածոյ բանաստեղծութիւններու։ Անկէ ետք կարծես քաշուած է ասպարէզէ, շրջանի մը մէջ՝ որ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք՝ պէտք էր աւելի կենսունակութիւն տուած ըլլար իր արտադրական խանդին։ Ինտրա հրապարակի վրայ չ՚երեւիր կամ քիչ կ՚երեւի։ Կը հասնի Մեծ Եղեռնի թուականը, երբ կը ձերբակալուի այլ մտաւորականներու հետ։ Այս դէպքը կ՚ազդէ իր մտքին վրայ եւ Ինտրա կը կորսնցնէ բոլորովին իր բնականոն մարդու հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Անկէ ետք իր ամբողջ կեանքը կ՚ըլլայ ողջ մեռելութիւն մը։

Չրաքեան զբաղած է ուսուցչական աշխատանքով, գրած է յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, արձակ խոհեր, տպաւորութիւններ, բանաստեղծութիւններ։ 1906 թուականին լոյս ընծայած է «Ներաշխարհ» խորագրով խոհերու ու տպաւորութիւններու գիրքը, որ մեծ հռչակ բերած է անոր եւ որու մասին յայտնուած իրերամերժ կարծիքներուն ան անդրադարձած է «Ներաշխարհն իր հեղինակէն դիտուած» (1906), «Կարծիքներ եւ կարծողներ» (1908) յօդուածներուն մէջ։ 1908 թուականին հրատարակած է «Նոճաստան» բանաստեղծութիւններու ժողովածոն։ Այս երկու գիրքերու համար ան ընտրած է Ինտրա անունը (Տիրանի շրջափոխութեամբ կազմուած)։

Գրած է նաեւ պատմուածքներ, ճամբորդական ակնարկներ, յօդուածներ, պատկերներ, որոնք գեղարուեստական մեծ արժէք ունին։

Չրաքեանի ստեղծագործութիւններուն բնորոշ է ապրումներու եւ մտածումներու խոր ու համակողմանի վերլուծութիւնը։ Իր իսկ բնորոշմամբ՝ «Ներաշխարհը իմաստասիրական եւ գեղարուեստական հանգամանքներու մէկ սկզբնատիպ միացումն է»։ Ըստ Չրաքեանի՝ նիւթական եւ հոգեւոր աշխարհի հիմքին ինկած են լոյսն ու եթերը։ «Նոճաստան»ի մէջ նոյնպէս լոյսը այն հիմքն է, առանց որու չկայ կեանք ու գեղարուեստ։ Չրաքեանի փիլիսոփայական խորհրդածութիւնները իրապաշտական բնոյթ ունին։ Անչափելին՝ տիեզերքը, չափելու միջոցը, անոր համոզումով, բացարձակն է, որու դրսեւորումները երեւոյթներու հիմքին ինկած օրէնքներն են։ Ան քննադատած է Փիւթակորասի «Մարդն է չափը ամենայնի» սկզբունքը, զարգացուցած է տիեզերական ներդաշնակութեան գաղափարը՝ մարդու փոխարէն չափի հիմքին մէջ դնելով անհունը։

1895-1896 թուականներու աղէտները խաթարած են անոր հոգեկան աշխարհը, 1915 թուականէն յետոյ կորսնցուցած էր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը, թափառած  էր գաւառներու մէջ եւ սէր ու միութիւն քարոզած էր մարդոց։ 1914-1918 թուականներուն ծառայած է թրքական բանակին մէջ՝ որպէս թարգման-քարտուղար։ Այդ շրջանին ի յայտ եկած են անոր հոգեւոր ճգնաժամի նշանները։ 1921 թուականին ձերբակալուած ու աքսորուած է Տիարպաքըր։ Ան 1921 թուականի յունիսի 6-ին, 45 տարեկանին, մահացած է ճանապարհին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020