ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ թեքնիկ բնոյթով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տարանջատման եզրերը քննարկուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։ Կը ծրագրուի, որ յառաջիկայ օրերուն նոր ժողով մըն ալ տեղի ունենայ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններով՝ ժողովի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան զինուորական տարրերու միջեւ հաւանական միջամտութիւնները կանխարգիլելու ուղղեալ նախազգուշական միջոցներու շուրջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ՝ գլխաւորութեամբ ՆԱԹՕ-ի զինուորական կոմիտէի փոխ-նախագահ զօրավար Սքոթ Քինցուաթերի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ արեւելեան Միջերկրականի պարագային Եւրոմիութեան դիրքորոշումը անարդար է եւ միջազգային իրաւունքի անյարիր։ Չավուշօղլու երէկ մասնակցութիւն բերաւ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի ընդհանուր քննարկման, որ կազմակերպուած էր տեսաժողովի ձեւաչափով։ Չավուշօղլու ելոյթ մըն ալ ունեցաւ առցանց այս հաւաքին ժամանակ, որու տեւողութեան արժեւորուեցան արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա պատրաստակամ է Յունաստանի հետ քննարկել զանազան բարդ խնդիրներ։ Բայց եւ այնպէս, Յունաստան բաց չէ Թուրքիոյ հետ անկեղծ երկխօսութիւն մը հաստատելու եւ բանակցութիւններու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020