BREXIT-Ի ԳԾՈՎ ՄԻՇՏ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐ

Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Լոնտոն վերջերս կը ծրագրէ BREXIT-ի համաձայնութեան կարգ մը յօդուածները փոփոխութեան ենթարկել։ Այս իրավիճակին մէջ ԵՄ արտահերթ ժողովի հրաւիրած է Անգլիան։

Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Մարոս Սեւքովիչ Պրիւքսելի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ըստ իրեն, Անգլիա կը ծրագրէ BREXIT-ի համաձայնութեան կարգ մը յօդուածներուն դէմ ոտնձգութիւն կատարել։ Ան տեղեկացուց, որ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Անգլիոյ փոխ-վարչապետ Մայքըլ Կավի հետ։ Սեւքովիչ Պրիւքսելի մտահոգութիւնները յանձնած է Անգլիոյ նկատառման։

«Երաշխիքներ պահանջեցի՝ Իրլանտայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի արձանագրութեան պարագային ամբողջական ու ճիշդ ժամկէտով համակերպման համար», ըսաւ ան։ Սեւքովիչ աւելցուց, որ փութով արտահերթ ժողովի մը հրաւիրած է ԵՄ-Անգլիա BREXIT-ի համատեղ կոմիտէն։ Այս համատեղ կոմիտէն ստեղծուած էր ԵՄ-ի կամ Անգլիոյ կողմէ BREXIT-ի համաձայնութեան նկատմամբ հնազանդութիւնը եւ անոր մեկնաբանումը հակակշռելու, նաեւ հաւանական խնդիրներուն լուծում ապահովելու համար։ Ըստ կողմերու համաձայնութեան, այդ համատեղ կոմիտէն ծագած խնդիրները շօշափելու համար երեսուն օրուայ ընթացքին պէտք է ժողով գումարէ՝ կողմերու պահանջի պարագային։

Ներկայ տարեմուտին Անգլիա դուրս եկած էր Եւրոմիութեան կազմէն։ Կողմերու միջեւ ծաւալուն բանակցութիւններ յառաջ կը տարուին՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ մանաւանդ առեւտուրը կարգաւորելու նպատակով։ Եթէ մինչեւ տարեվերջ Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի միջեւ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա ԵՄ եւ Անգլիա առեւտրական յարաբերութիւնները յառաջ պիտի տարուին՝ ըստ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոններուն։ Անցումային ժամանակաշրջանին Անգլիա կը շարունակէ հնազանդիլ Եւրոմիութեան կանոններուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020