ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՖՈՐՈՒՄ

Մեծն քսանեակի («G20») շրջանակներէն ներս այսօր միջազգային շատ կարեւոր ֆորում մը տեղի կ՚ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։ «G20»ի իտալական նախագահութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած այս ֆորումին կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ «Առողջացման ժամանակը. մշակոյթներու միջեւ խաղաղութիւն, փոխհասկացութիւն կրօններու միջեւ» խորագրեալ այս ֆորումը պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 14-ը։ «G20»ի միջհաւատքային այս ֆորումին համար Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր մեկնած է Պոլոնիա, ուր կ՚ապրի նաեւ փոքրաթիւ հայ համայնք մը։ Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ, տեղւոյն կաթողիկէ տաճարներէն մէկուն մէջ այս շաբաթավերջին հայ համայնքին համար տեղի կ՚ունենայ հայածէս արարողութիւն մը՝ մանաւանդ խաղողօրհնէք։

Պոլոնիայի Սուրբ Ստեփանոս պազիլիքային մէջ այսօր երեկոյեան ժամերուն միջկրօնական համատեղ աղօթք մը տեղի կ՚ունենայ այս ֆորումի բացման առթիւ։ Բացման լիագումար նիստը նախատեսուած է վաղը։ Աւելի վերջ ֆորումի ծրագիրը կը գործադրուի հիմնական քանի մը առանցքներու շուրջ։ Յայտագրի վրայ նախատեսուած է նախարարներու յատուկ նիստ մը։ Թեմաթիք քննարկումներ կը ծաւալուին աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ։ Նոյնպէս նստաշրջաններ տեղի կ՚ունենան՝ ֆորումի կազմակերպիչներուն կողմէ խոշորացոյցի տակ առնուած նիւթերու վրայ կեդրոնացումով։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պոլոնիայի այս կարեւոր ֆորումի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ երկուշաբթի, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան։ «Քրիստոնէական էքիւմենիզմը մոտե՞լ մըն է» խորագրեալ նիստի ընթացքին զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ Նորին Սրբազնութիւնը, որու առընթեր զեկուցողներու շարքին պիտի գտնուին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եոհան Սոքա եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Քրիստիան Քրիէկէ եւ այլք։ 

Այս ֆորումի ծիրէն ներս արաբական աշխարհի տագնապներու պարագային հոգեւոր առաջնորդներու պատասխանատուութեան շուրջ յատուկ նիստ մըն ալ նախատեսուած է եւ այդ մէկուն ատենախօսներու շարքին պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Պոլոնիայի այս կարեւոր ֆորումի ժամանակ նախարարաց նիստի զեկուցողներու շարքին պիտի գտնուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021