ՓԱՅԼԱՆԷՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ խնդիրները։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովի դիւանին յղեց հարցադրում մը՝ պահանջելով, որ գրաւոր պատասխան տրուի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի կողմէ։

Կարօ Փայլան յիշեցուցած է, որ 1991 թուականին Թուրքիա Հայաստանի անկախութիւնը առաջին ճանչցած երկիրը հանդիսացած է, սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին պատճառով 1993 թուականէն ի վեր սահմանները փակած է եւ սառեցուցած՝ դիւանագիտական ու քաղաքական յարաբերութիւնները։ 1993 թուականէն վերջ քաղաքական իշխանութիւնները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կախեալ դարձուցին՝ հայկական զօրքերու կողմէ վերահսկուած Ատրպէյճանի տարածքներու ազատումէն։ Անցեալ տարուան պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարի համաձայնութիւնով հայկական զօրքերը ետ քաշուեցան այն տարածքներէն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր իրենց կողմէ կը վերահսկուէին։ Վերջին շրջանին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած են յայտարարութիւններով, որոնք կոչեր կը բովանդակեն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Կարօ Փայլան շարադրած է վեց հարցում, ըստ հետեւեալի.

1- Ինչպիսի՞ ճանապարհի մը պիտի հետեւիք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։

2- Ե՞րբ պիտի բանաք Հայաստանի հետ մեր սահմանը։

3- Ե՞րբ պիտի հաստատէք Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

4- Ի՞նչ քայլեր պիտի առնէք Հայաստանի հետ վստահութիւն կառուցելու համար։

5- Հայաստանի հետ շփումներ սկսա՞ծ են՝ ցամաքի եւ երկաթուղիի հաղորդակցութիւններու ապահովման համար։

6- Նախաձեռնութիւն մը պիտի կատարէ՞ք, որպէսզի Հայաստանի հետ սկսին ուղղակի թռիչքները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021