ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան կը մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հաւաքին, որ տեղի կ՚ունենայ Սոչիի մէջ։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է այս գագաթաժողովը, որու ընդառաջ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներն ալ գումարեցին ժողով մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարն ալ մասնակցեցաւ այդ նիստին եւ ան արդէն գագաթաժողովին համար կը միանայ Սերժ Սարգսեանի պատուիրակութեան։

ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու հաւաքին առընթեր, Սոչիի մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստերը՝ նոյնպէս Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017