ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգն ու հեռանկարները։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային իրավիճակի եւ զարգացումներուն շուրջ։ Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի վստահեցուցին բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու պատրաստակամութիւնը եւ պայմանաւորուեցան շարունակելու աշխոյժ երկխօսութիւնը։

Երեւանի շփումներու աւարտին Ղարիպաշվիլի արդիւնաւէտ համարեց Փաշինեանի հետ վարած բանակցութիւնները։ Ան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար նոր նախաձեռնութեան եւ ընդգծեց Թիֆլիզի պատրաստակամութիւնը՝ աշխոյժ միջնորդութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ՝ տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման համար աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծելու նպատակով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021