ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԱՆԶԻՋԵԼԻ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Էլ Ճե­զի­րէ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին։ Ան այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ մէջ նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան հաս­տա­տուե­լուն կողմ­նա­կից է՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու հա­մար երկ­րի ա­ւե­լի ա­րագ բար­գա­ւաճ­ման։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, յի­շեալ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Էր­տո­ղան ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ան յի­շե­ցուց, որ Թուր­քիա Սու­րիոյ հետ ու­նի 911, իսկ Ի­րա­քի հետ՝ 350 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ սահ­ման­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիա չի կրնար ան­տար­բեր մնալ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։ «Ամ­բողջ հար­ցը այն է, որ Սու­րիոյ մէջ ստեղ­ծենք ա­հա­բեկ­չու­թե­նէ զերծ գօ­տի մը, յայ­տա­րա­րենք այս մա­սին եւ սու­րիա­ցի մեր եղ­բայր­նե­րը թող հաս­տա­տ-ւին այն­տեղ, ա­նոնց հա­մար այն­տեղ ըն­ձե­ռենք զա­նա­զան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ շրջա­նը պէտք է ու­նե­նայ նաեւ իր ազ­գա­յին բա­նա­կը։ Թրքա­կան կող­մը այս մօ­տե­ցու­մը բաժ­նած է մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն հետ. օ­րի­նակ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան, Գեր­մա­նիա, Անգ­լիա ե­ւայլն։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, ներ­կա­յիս այս ուղ­ղու­թեամբ կը շա­րու­նա­կուին աշ­խա­տանք­նե­րը եւ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը կա­պի մէջ են ի­րա­րու հետ։ Էր­տո­ղան ընդ­գծեց նաեւ Քեր­քիւ­քի լուրջ դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ թրքա­կան կող­մը պի­տի չլքէ Մու­սու­լի իր ցե­ղա­կից­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին խօս­քե­րով, Թուր­քիա կողմ­նա­կից է Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, բա­ցար­ձա­կա­պէս չի փա­փա­քիր այդ եր­կիր­նե­րուն մաս­նա­տուի­լը եւ այս ուղ­ղու­թեամբ պի­տի պայ­քա­րի մին­չեւ վերջ։ Սա, ան­զի­ջե­լի խնդիր­նե­րու շար­քին է եւ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան ու­ժերն ալ այս հար­ցին մէջ պէտք չէ ո­րե­ւէ խա­ղի են­թար­կուին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2016