Պրիւքսելի ՄԷջ «Արցախեան Օրեր»

Նո­յեմ­բե­րի 16-19 թուա­կան­նե­րուն «Ար­ցա­խեան օ­րեր 2016»ի ծի­րէն ներս Պրիւք­սե­լի մէջ նա­խա­տե­սուած են զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ:

Չորս օ­րե­րուն ըն­թաց­քին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին  շարք մը ձեռ­նարկ­ներ: Տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նաեւ ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րուն նպա­տակն է Պել­ժիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յաց­նել Ար­ցա­խի զբօ­սաշր­ջա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ցոյց տալ եւ ի­րա­զե­կել ճամ­բոր­դա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րուն՝ Ղա­րա­բա­ղը այ­լընտ­րան­քա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան վայր ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ իր խո­հա­նո­ցով, բազ­մա­դա­րեան ա­ւան­դոյթ­նե­րով ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեամբ: Պի­տի  ցու­ցադ­րուին նաեւ Ար­ցա­խի ար­տադ­րու­թեան նմոյշ­ներ եւ ու­տե­լիք­նե­րու տե­սա­կա­նի: Մինչ այդ, Ար­ցա­խէն մեծ թի­ւով պա­տուի­րա­կու­թեան մը կը սպա­սուի՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, որ այդ օ­րե­րուն հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու հետ:

Ար­ցա­խեան օ­րե­րը կը փա­կուին Հայ մշա­կու­թա­յին տան մէջ կա­յա­նա­լիք տօ­նա­կան հա­մերգ-խնջոյ­քով, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յա­նան «Ար­ցա­խի ձայ­ներ» խում­բի մե­ներ­գիչ­նե­րը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2016