Տաթեւի Ճօճուող Սիւնը

Հա­յաս­տա­նի ճօ­ճուող յու­շա­սիւ­նը, որ յայտ­նի է նաեւ Գա­ւա­զան ա­նուամբ, միջ­նա­դա­րեան ճար­տա­րա­պե­տա­կան ե­զա­կի կա­ռոյց մըն է:  Ան կա­ռու­ցուած է 904 թուա­կա­նին Տա­թե­ւի վա­նա­կան հա­մա­լի­րի բա­կին մէջ: 8 մեթր բարձ­րու­թեամբ ու­թան­կիւն այս սիւ­նին գա­գա­թը պսա­կուած է խաչ­քա­րով եւ նուի­րուած է Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան: Ա­նի­կա կա­ռու­ցուած է լծա­կի մը վրայ հիմ­նուած յա­տուկ ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ, որ թոյլ կու տայ սիւ­նը ճօ­ճուի երկ­րա­շարժ­նե­րու ու ցնցում­նե­րու եւ, նոյ­նիսկ, պար­զա­պէս ձեռ­քով ա­նոր դիպ­չե­լու ժա­մա­նակ եւ այ­նու­հե­տեւ կրկին վե­րա­դառ­նայ իր սկզբնա­կան դիր­քին:

Կ՚ը­սուի, որ սիւ­նը նա­խագ­ծուած է այն­պէս, որ ճօ­ճուե­լու մի­ջո­ցով ծա­ռա­յէ որ­պէս տագ­նա­պի նա­խազ­գու­շաց­ման հա­մա­կարգ՝ վա­նա­կան­նե­րը զգու­շաց­նե­լով ոչ միայն երկ­րա­շարժ­նե­րու, այ­լեւ զաւ­թիչ բա­նակ­նե­րու մօ­տեց­ման վտան­գին մա­սին:

Կան շատ հե­տաքրք­րա­շարժ վար­կած­ներ ճօ­ճուող յու­շա­սիւ­նի կա­ռուց­ման նպա­տա­կին մա­սին, սա­կայն փաս­տը այն է, որ ա­նի­կա իս­կա­կան ճար­տա­րա­գի­տա­կան հրա­շա­լիք մըն է, որ կը վկա­յէ Տա­թե­ւի վան­քի նո­րա­րու­թեան եւ գի­տա­կան հա­րուստ ա­ւան­դոյթ­նե­րու մա­սին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2016