ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԺԱՄԿԷՏ

Յայտնի համայնքային բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ժամկէտը իսկապէս կը համարուի ուշագրաւ։ Արդարեւ, Սիւլէյման Սոյլուի եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի միջեւ այս կարեւոր հանդիպումը զուգադիպեցաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախօրեակին։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, առանձնազրոյցի ձեւաչափով տեսակցութիւն մըն էր այս մէկը, որ տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Սիւլէյման Սոյլու Տիգրան Կիւլմէզկիլը ժամադրած էր Պալաթի՝ իր գլխաւորած նախարարութեան ենթակայ բաժանմունքի մը շէնքին մէջ։

Այս կարեւոր տեսակցութեան առընչութեամբ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մեզի յայտնեց հետեւեալը. «Նախ կ՚ուզեմ իմ ամենախորին երախտագիտութիւնը յայտնել պարոն նախարարին, որ հակառակ իր ծանրաբեռնուած վիճակին երկար ժամանակ տրամադրեց, ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք եւ անկեղծ զրոյց մը ունեցանք իրարու հետ։ Օգտաշատ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին անդրադարձանք այն գրեթէ բոլոր համայնքային հարցերուն, որոնց լուծումը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կախում ունի Ներքին գործոց նախարարութենէն։ Այս բոլորին շուրջ պարոն Սոյլուի վերաբերմունքը միշտ պատրաստակամ էր եւ իսկապէս դրական։ Անշուշտ, նկատի ունենալով մեր այժմու հրատապ օրակարգը՝ անդրադարձանք պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Հնարաւորութիւն ունեցանք մանրամասնօրէն վերահասու դառնալու կանոնադրութեան պատրաստութեան փուլերու զանազան հանգամանքներուն։ Առիթն ունեցանք պարոն նախարարի ուշադրութեան յանձնել՝ այս կանոնադրութեան համայնքէն ներս ստեղծած արձագանգները։ Իրենք արդէն տեղեակ են ամէն ինչէ։ Պարոն նախարարը յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութենէն վերջ մշտական կանոնադրութեան մը պատրաստութեան պիտի ձեռնարկուի եւ եթէ ըլլայ այդպիսի կարգադրութիւն մը, ապա մենք ապագային դժուար թէ նման խնդիրներու դէմ յանդիման մնանք անգամ մը եւս։ Ուստի, ակնկալութիւնը այն է, որ այս անգամուան ընտրութիւնը կատարուի կանոնադրութեամբ նախատեսուած ձեւով»:

Տիգրան Կիւլմէզկիլ մեզի յայտնեց, որ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։ Նախարար Սոյլու յայտնած է, որ այս խնդրի լուծումն ալ պիտի արագացուի պատրիարքական ընտրութենէն վերջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ օրեր առաջ՝ 27 հոկտեմբերին Սիւլէյման Սոյլու այցելած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը՝ շնորհաւորելու համար թերթիս հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձը։ Այդ հանդիպման ալ խմբագրութեանս կողմէ հրաւիրուած ըլլալով՝ ներկայ գտնուած էր Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Այդ հանդիպման ատեն եւս անդրադարձ կատարուած էր պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Այդ այցելութենէն շատ կարճ ատեն անց, շաբաթավերջին այս անգամ տեղի ունեցաւ Սոյլուի եւ Կիւլմէզկիլի առանձնազրոյցը՝ դարձեալ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի քննարկումով։ Ուշագրաւ ու ողջունելի է, որ ընտրութեան ընդառաջ մեր համայնքին իրերայաջորդ դրական պատգամներ կը հասնին անձամբ ներքին գործոց նախարարէն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019