ԳՈՐԻՍ-ԿԱՊԱՆ ՄԱՅՐՈՒՂԻԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՈՒ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի բարդութիւնները իրարու կը յաջորդեն։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը բաւական խոցելի վիճակի մը մէջ կը գտնուի։ Գորիս-Կապան ճանապարհը, որ Սիւնիքի զանազան հատուածները իրար կը միացնէ, պատերազմէն վերջ մասամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է։ Այնտեղ վերահսկման կէտեր հաստատուած են։ Առաջին փուլին այդ բոլորէն կ՚ազդուէին՝ մանաւանդ Իրանի բեռնափոխադրումները։ Յամենայնդէպս, այժմ բոլորովին տարբեր իրավիճակ մը ստեղծուած է։ Արդարեւ, Ատրպէյճան երէկ գիշերուընէ սկսեալ մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթ իրականացնել սկսած է Գորիս-Կապան մայրուղիի՝ իր կողմէ վերահսկուած տարածքներէն ներս։ Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր արդէն հաստատած են այդ երեւոյթը։ Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային հեռուստատեսութեան եթերին ընթացքին յայտնեց, որ կէս գիշերի դրութեամբ Ատրպէյճան վերոյիշեալ գործառոյթներուն կը ձեռնարկէ։ Պաքու երէկ հայկական կողմին այս մասին փոխանցած է տեղեկութիւն։ Ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ, հայկական կողմն ալ համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ։ Այսինքն, ճանապարհի՝ Հայաստանի կողմէ վերահսկուած հատուածէն ներս ալ կը սկսին մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթներ։

Այս իրադարձութիւնները վրայ հասան այն պահուն, երբ Երեւանի պատկան մարմինները երէկ օրուայ սկիզբին տեղեկացուցած էին, որ արդէն պատրաստ է Գորիս-Կապան մայրուղիին նորակառոյց այլընտրանքը։ Նոր ցամաքուղիով կարելի է ամէն տեսակ փոխադրում իրականացնել։ Այժմ աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի Սիւնիքի բոլոր համայնքներու ճանապարհներն ալ միացուին նորակառոյց մայրուղիին եւ անոնք կախուածութիւն չունենան Գորիս-Կապան ճանապարհէն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս առաւօտ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովին անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի անցակէտը չի գտնուիր Հայաստանի տարածքին մէջ։ «Հնարաւոր էր բանակցիլ, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ բեռներուն համար սահմանային հսկողութիւն չըլլար, բայց անոր գինը պիտի ըլլար միջանցքային տրամաբանութիւն», ըսաւ Փաշինեան։

Կառավարութեան ժողովէն վերջ Արմէն Գրիգորեանն ալ այս նիւթին անդրադարձաւ հերթական անգամ։ Երէկ երեկոյեան հեռուստատեսութեան վրայ ան յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի հետ միջանցքային տրամաբանութիւնով բանակցութիւններ չեն վարուիր։ Իսկ այս առաւօտ ան յայտնեց, թէ քաղաքացիները հաւանական վճարումի պարագային կրնան Ատրպէյճանի մաքսակէտով անցնիլ։

Այս իրադարձութիւնները խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ։ Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան վերջին պաշտօնական հրապարակումներու լոյսին տակ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զինուորականներու ներկայութիւնը, անոնց Հայաստանի ճանապարհներու վրայ ունեցած արարքները ապօրինի են։ Ըստ իրեն, այդ բոլորը ոչ թէ պէտք է օրինականացուին, այլ աշխատանքներ պէտք են անոնց հեռացման համար։

«Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայողները, որոնք պէտք է Գորիս-Կապան ճանապարհին վերահսկողութիւն սահմանեն, մեր զինուորները դաժան խոշտանգումներու ենթարկած են։ Ո՞վ պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներու անվտանգութիւնը», հարց տուաւ Թաթոյեան։

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքն ալ այս մասին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Շեշտուեցաւ, որ երկրի ինքնիշխան տարածքէն ներս Ատրպէյճան ոչ միայն ֆիզիքապէս ներկայ է, այլեւ կը տեղադրէ մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան կէտեր։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ իշխանութիւնները անկարող են Ատրպէյճանին դիմադրելու։ Կատարուածը ուղղակի սպառնալիք մըն է Սիւնիքի անվտանգութեան եւ երկրի պաշտպանունակութեան դէմ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021