ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՈՒ ՏԵՒԱԿԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Միրզոյեան, որ աշխատանքային այցով Փարիզ մեկնած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական հաւաքին մասնակցելու նպատակով, օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ։

Բաց աստի, նոյնպէս երէկ Փարիզի մէջ Ժան-Իվ լը Տրիանի մասնակցութեամբ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինն ալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաժողովին առթիւ կը գտնուէր այնտեղ։ «Այսօր Փարիզի մէջ ես մէկտեղեցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իմ պաշտօնակիցները, որպէսզի նպաստեմ լարուածութեան թուլացման։ Ֆրանսայի համախմբումը ամբողջական կը մնայ Մինսքեան խմբակին մէջ։ Մենք չենք մոռնար տարի մը առաջ բռնկած պատերազմի զոհերը», գրառումով հանդէս եկաւ ֆրանսացի նախարարը ընկերային ցանցերու վրայ, ինչ որ արձագանգ գտած է «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներուն մէջ։ Ֆրանսացի նախարարը երէկ հիւրընկալած է նաեւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցը։ Այս բոլորի լոյսին տակ Փարիզի դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդած են, որ Ֆրանսա պատրաստակամ է իր ներդրումը բերելու՝ թափ տալու համար կողմերու երկխօսութեան եւ տարածաշրջանէ ներս տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, ինչ որ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար բարեբեր է։

Հարկ է յիշեցնել, որ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով անցեալ սեպտեմբերի 23-ին ալ հանդիպում մը ունեցած էին Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ, երբ կը մասնակցէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Երէկուան Փարիզի հանդիպումն ալ տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Ժան-Իվ լը Տրիան շեշտած է Ֆրանսայի վճռականութիւնը՝ վերոյիշեալ նպատակներուն հասնելու առաջադրութեամբ շարունակելու համար աշխոյժ գործունէութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Լը Տրիան երէկուան երկկողմանի հանդիպման ժամանակ քննարկեցին Երեւան-Փարիզ յարաբերութիւններու ապագայ խորացման վերաբերեալ հարցեր ու վերահաստատեցին իրենց շահագրգռութիւնը առաւել զարգացնելու ուղղութեամբ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մէջ Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան համար։

Զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական լուծումը հնարաւոր է միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Կողմերը անդրադարձան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական հարցերուն։ Միրզոյեան ընդգծեց հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անվերապահ ու շուտափոյթ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ կարեւորեց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանումը։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Արցախի երկրորդ պատերազմի օրերուն ու յաջորդած շրջանին Ֆրանսայի կառավարութեան ու խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը եւ առնուած քայլերը։

Միւս կողմէ, Ժան-Իվ լը Տրիան վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Լիպիոյ հարցերու շուրջ Փարիզի մէջ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մը պիտի մասնակցի ռուս նախարարը։ Ըստ նախատեսուած ձեւաչափին, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլին ալ պիտի հիւրընկալէ իր ռուս պաշտօնակիցը՝ Սերկէյ Շոյկուն։ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ֆրանսացի եւ ռուս նախարարներուն միջեւ տեղի պիտի ունենայ երկկողմանի հանդիպում մը։ Ի թիւս այլ հարցերու, օրակարգի վրայ պիտի գայ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ տագնապի կարգաւորումը։ Մոսկուա եւ Փարիզ, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին են, նախարարներու մակարդակով կ՚արժեւորեն այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքը։ Հարկ է նշել, որ Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ նաեւ՝ Մոսկուայի մէջ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու հարցերով քարտուղար եպիսկոպոս Քելըկըրի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021