ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը բնորոշուեցաւ միջեկեղեցական բազմակողմանի հանդիպումներով։ Այցելութիւնը, ընդհանրապէս, ատեն-ատեն թէեւ բնականոն հունէն դուրս եկաւ Նորին Սրբութեան առողջական վերիվայրումներուն հետեւանքով, սակայն, թէ՛ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ թէ Նիւ Եորքի մէջ էքիւմենիք շփումները ընթացան բարեյաջող։ Այդ հանդիպումներուն ժամանակ յունաց պատրիարքը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ ալ մէկտեղուեցաւ։

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք Նիւ Եորքի կեցութեան ընթացքին կէսօրուան ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ տեղւոյն քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, նաեւ հրեայ ու մահմետական համայնքներու ղեկավարներուն հետ։ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ալ սեղանակից եղան Նորին Սրբութեան։ Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդարանի երդիքին տակ, Նիւ Եորք։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան։ Ջերմ հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութեան հետ զրուցելու ժամանակ Պարթոլոմէոս Ա. վերյիշած է Հռոմի մէջ անցեալ ամիս Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած ջերմ հանդիպումը։

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Նիւ Եորքի կեցութեան ընթացքին նախագահեց նաեւ Մենհեթթընի մէջ նոր կառուցուած Այա Նիքոլա ուղղափառ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Նոր եկեղեցին կառուցուած է հարեւանութեամբ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի պատմական ապաստանարանի մատրան, որ կը գտնուի 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ թիրախաւորուած Երկուորեակ աշտարակներու անմիջական տարածքէն ներս։

Լուսանկարին մէջ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք կ՚երեւի (ձախէն) Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեանի, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Ճին Արք. Քաուաքի, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Տէյվիտ եպիսկոպոսի եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս մետրապոլիտին հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021